Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ կը շարունակէ յառաջ մղել Ատրպէյճանի այն թէզը, որ Արցախ կարելի է բեռներ հասցնել Աղտամի ճամբով, նաեւ միւս կողմէ կը շարունակէ պնդել կարեւորութիւնը բանալու Լաչինի միջանցքը, որուն փակման պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուեցաւ մարդասիրական ճգնաժամ մը։ Միշելի բանբերը յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ ան կը շարունակէ եռանդուն կերպով ներգրաւուած ըլլալ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը յառաջ տանելու աշխատանքներուն մէջ։ Անոր ջանքերը, որոնց կ՛աջակցէր Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, վերջին շաբաթներուն, իբրեւ առաջնահերթութիւն, կեդրոնացած էին Ղարաբաղի հայերու մարդասիրական կացութեան կարգաւորման վրայ։
Բանբերը նկատել տուաւ, որ Քլաար եւ Միշէլ յաճախ կապի մէջ են Պաքուի, Երեւանի եւ Ղարաբաղի հայերու ներկայացուցիչներուն հետ՝ մուտքի ապաշրջափակման համար լուծում մշակելու համար։ Ներկայիս, այնտեղ մարդասիրական կացութիւնը արագօրէն կը վատթարանայ, առ այդ, պէտք է կարեւոր քայլերու ձեռնարկել՝ տեղւոյն բնակչութեան կարիքները բաւարարելու համար։
Ըստ անոր՝ Շարլ Միշէլ առաջարկեց փուլային մօտեցում մը, որ պիտի արտացոլացնէ Լաչինի միջանցքի ամբողջական շահագործման եւ Աղտամի երթուղիի բացման յաջորդականութիւնը։ Այս քայլերու յաջորդականութիւնը եւ բեռներու տեսակը, որ այս ճամբաներէն իւրաքանչիւրով պիտի մատակարարուի, ինչպէս նաեւ անոր յաջորդող ընթացակարգերը, եղած են վերջին քննարկումներու առանցքը։
Շեշտուեցաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը խորապէս համոզուած է, որ Լաչինի միջանցքը պէտք է ապաշրջափակուի՝ նախկին համաձայնագիրներուն եւ Միջազգային դատարանի վճիռին համաձայն ։
«Աղտամի ճամբու օգտագործումը մատակարարումներու համար կրնայ ըլլալ հիմնական կարիքներու հրատապ եւ ամէնօրեայ ապահովման որոշակի եւ կայուն լուծման մաս։ Այս տարրերուն շուրջ քննարկումները սկսած են 15 Յուլիս 2023ին Պրիւքսելի մէջ ղեկավարներու վերջին հանդիպումէն ետք», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։
Միշել իր արտայայտութիւններուն մէջ Արցախի հայութիւնը անգամ մը եւս նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող հայեր եւ ըսաւ. «Պաքուի եւ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին մէջ բնակող հայերու ներկայացուցիչներուն միջեւ երկխօսութիւնը այս առումով էական պիտի ըլլայ։ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պէտք է երաշխաւորուին, իսկ որոշ եղանակներու շուրջ քննարկումները պէտք է սկսին կարելի եղածին չափ արագ։ Պաքուի եւ Ղարաբաղի հայերուն միջեւ երկխօսութիւնը վստահութեան ամրապնդման կարիք ունի։ Այդ նպատակով Եւրոպական Միութիւնը տարբեր առաջարկներ ներկայացուցած է այս հոլովոյթին միջազգային աջակցութեան, ինչպէս նաեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման աջակցելու, այնտեղ ներգրաւուելու համար։ Վերոնշեալ բոլոր ջանքերը միայն մէկ նպատակ ունին՝ ապահովել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու անշրջելի կարգաւորումը՝ ի շահ տեղւոյն բնակչութեան։ Այժմ եկած է խիզախ փոխզիջումային լուծումներու ժամանակը, նաեւ այսօրուան մագլցումին լոյսին տակ», եզրափակեց Միշէլ:
ՊԱՔՈՒ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ
Պաքուն չուշացաւ արձագանգելու Միշէլի յայտարարութեան։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուց 15 Յուլիսին տեղի ունեցած Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպման մասին եւ պնդեց, որ այդ բանակցութիւններուն ընթացքին «համաձայնութիւն գոյացած է տարբեր երթուղիներով ապրանքներու առաքում Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանը ինչպէս նաեւ Լաչինի ճամբու օգտագործման կեանքի կոչումը՝ Աղտամ-Խանքենդի (Ստեփանակերտ) ճամբու բացման զուգահեռ»։
Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «համաձայնութիւնները խախտեցան հայկական կողմին անօրինական պայմաններուն պատճառով»։
Ատրպէյճանական կողմը չանդրադարձաւ Միշէլի՝ Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխաւորման անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութեան, փոխարէնը կրկնեց՝ հայերը պիտի ունենան նոյն իրաւունքները, զորս ունին Ատրպէյճանի միւս քաղաքացիները։
«Ատրպէյճանը վճռական է Ղարաբաղի շրջանին մէջ բնակող հայկական ծագումով բնակիչները վերահամարկելու հարցին մէջ՝ իբրեւ իրաւահաւասար քաղաքացիներու՝ զանոնք ապահովելով Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ նախատեսուած իրաւունքներով եւ ազատութիւններով», կ՛ըսուիԱտրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։