ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Կեանքը այնքա՛ն կարճ է եւ իր պարգեւած օրերը այնքա՛ն դաժան, որ մինչեւ այսօր ո՛չ ոք կրցած է իր մշակած բոլոր ծրագիրները իրականացնել: Եթէ բոլոր մահացողներուն դամբանական խօսուած ըլլար, բոլորին պարագային պիտի լսէինք, «դեռ քանի՜ ծրագիրներ ունէր իրականացնելիք» ափսոսանքը: Ճիշդ է, ամէն մարդ հանճար չէ՛, ո՛չ ալ կեանքի ընթացք ճշդող կամ ուղի գծող անձ, սակայն պէտք չէ՛ մոռնանք, որ իւրաքանչիւր անձ ալ իրեն յատուկ հեռանկարներ ունի անպայման, եւ իր կեանքին ընթացքին զանոնք ի գործ դնելու ամէն միջոցի պիտի դիմէ վստահաբար:
Բոլորս ալ կ՛ընդունինք նաեւ այն հասկացութիւնը, որ կեանքի մէջ կան առաջնորդողներ եւ հետեւորդներ: Աստուածային շնորհք է այս, որ ծնունդով կը տրուի մարդուն: Ամէն մարդ առաջնորդելու կարողութեամբ չի գար այս աշխարհը: Ոմանք հետեւորդ են միշտ, որքան ալ ուսում ստանան, կամ այլեւայլ դիրքեր գրաւեն այս կեանքին մէջ: Ոմանց այնպէս կը թուի, որ ուսումը առաջնորդողի դերակատարութիւն կ՛ապահովէ մարդուն: Սխալ է այս տեսակէտը, որովհետեւ կան բազմաթի՜ւ ուսեալ անձեր, որոնք չեն յաջողած իրենց կեանքին ընթացքին: Ի՞նչ է պատճառը արդեօք: Պատասխանը շատ յստակ է. որովհետեւ անոնք ծնունդով հետեւորդներ են:
Անգիր մոլութիւններու շարքին են եսամոլութիւնը եւ արհամարհանքը: Կարելի է ըսել, որ «Մեղայ»ի ցանկին մէջ գրուած «Հպարտութիւն» մեղքը իր մէջ կը ներառէ նաեւ եսամոլութիւնն ու արհամարհանքը: Շատ հաւանաբար, այդ պատճառով առանձին չեն նշուած վերջին այս երկուքը, սակայն որոշ նրբութիւններ իւրայատուկ են ասոնց: Եսամոլութիւնը հպարտութեան մէկ մասնիկը կրնայ իր մէջ խտացնել, սակայն ո՛չ բոլորը, իսկ արհամարհանքը՝ «թագադրումն է» հպարտութեան մեղքին, որմով կ՛ամբողջանայ «Մեղայ»ի ցանկը, իր բացատրական տողերով:
Վերոյիշեալ մեղքերը, ըստ ինքեան, կրնան դերեր ստանձնել, կամ գործադրուիլ, սակայն անոնց մղում տուողը եւ զանոնք կործանարար հարուածի վերածողը, մարդու ստանձնած ուժն է յաճախ:
Դուք ալ հանդիպած կրնաք ըլլալ բախտի բերմամբ ուժի տիրացած մարդոց, որոնք շատ խելք ունենալու կարիք չունին իրենց ստանձնած բարձր պաշտօնը վարելու համար: Պարզ մտածողներուն այնպէս կը թուի, որ բախտը զանոնք դրած է այդ բարձունքին: Ո՛չ, այդպէս չէ՛ սակայն: Ընդհակառակը, վերոյիշեալ մեղքերը՝ եսամոլութիւնը եւ արհամարհանքը մղիչ ուժ կը հանդիսանան, որ ենթական ինքնավստահութեամբ յառաջանայ եւ վերելք ապրի, ուրիշներու կեանքին փորձանք դառնալով:
Բայց ուրկէ՞ այդ ուժը…։
Այս է գլխաւոր խնդիրը: Այս պարագային, բախտի դերակատարութիւնը մենք ալ կ՛ընդունինք, միաժամանակ քննութեան առնելով այն միջավայրը, որուն մէջ կը գտնուի տուեալ եսամոլ եւ իր շրջապատը արհամարհող անձը: Այո՛, բախտը մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ այս պարագային, երբ այդ միջավայրին մէջ չեն ըլլար միտքի պայծառ կարողութիւն եւ մանաւանդ գիտակցութիւն ունեցող մարդիկ, այլ՝ միջակ ուղեղներ եւ սնափառ մտածողութիւն դրսեւորող անհատներ:
Թէ ի՞նչ կ՛ընէ այդ ուժը…։
Այդ ուժին գաւազանի հարուածը իր ոտքերուն տակ անպայման զգացած է նուիրեալ եւ իր անձը զոհաբերած ամէն մարդ: Երկու դարեր առաջ գործող վարժարաններուն աշակերտող մանուկներուն սարսափն էր «ֆալախկա»ն, որ ծոյլ աշակերտներուն ոտքերուն տակ գամուած փայտի հարուածներուն անունն էր: Այսօր, եթէ այդ ծեծը գործնապէս չկայ, սակայն կայ անոր այլ տեսակի իրականը, որ անզգալաբար մարդուն գլխուն կը տրուի, վերջնականապէս կործանելով զայն:
Զայն գործադրողը վերոյիշեալ ուժն է, որուն դերակատարութեան համար հարցուցինք հարցումը, թէ՝ «ի՞նչ կ՛ընէ այդ ուժը»: Իցի՜ւ թէ խելացի ուղեղի մը սեփականութիւնը ըլլար այդ ուժը: Ինչպէս հաստատեցինք, որ եսամոլ եւ արհամարհող մարդուն տկար եւ անկազմակերպ միջավայրին հետեւանքն է անիկա, որուն միջոցաւ շա՜տ շատերու ապագան կը կործանուի, տուներ կը քանդուին, սերունդներ կը փճանան եւ իրենց բախտին կը թողուին:
Ճշմարտութիւնը միշտ ցաւալի կողմ մը ունի, որքան ալ արդարութեան շեփորահարը ըլլայ անիկա: Իմաստասիրութեան պատմութեան ներածականի դասերէն յիշատակ մնացած է մեզի Էմմանուէլ Քանթի մտածողութեան մէկ տողը, ուր ան կ՛ըսէ. «Եթէ ճշմարտութիւնը պիտի սպաննէ զիրենք, ուրեմն թող մեռնին»: Ճշմարտութեան ուժը գերիվեր է քան բոլոր ուժերը, որոնք տիեզերական Ուժին տիրապետութեան տակ կը գործեն, որովհետեւ տիեզերական Ուժը, արդարութեան պահապանը եւ գործադրողն է: Եսամոլ ու արհամարհող մարդուն դիմաց կանգնելով, կարելի է երեսն ի վեր անոր յայտնել իր սնամտութիւնը եւ զայն կնքել իբրեւ ճշմարտութիւն. սակայն միշտ ալ խանգարող տարրը ուժն է, որ կրնայ այլ տեղ տանիլ ճշմարտութեան պաշտպան մարդոց բարի ձգտումը:
Բարեբախտութիւն է անդրադառնալ, որ մնայուն միակ ուժը տիեզերական Ուժն է, իսկ մնացեալ բոլոր ուժերը ժամանակաւոր բնոյթ կը կրեն: Ասիկա յոյսի աղբիւր է շատերուն համար, որովհետեւ տիրող ուժին տակ տնքացողները միշտ կը յուսան, որ ժամանակաւոր բնոյթ կրող ուժ ունեցողներուն վերջը հասնի մահով, եւ իրենց համար կեանքի նոր էջ բացուի:
Կեանքի տեւողութիւնը մենք չենք ճշդեր, այլ Աստուած: Ոմանք այս առումով «բախտաւոր» կ՛ըլլան, իսկ ոմանք իրապէս դժբախտ, երբ իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան տիրապետուած կ՛ըլլան եսամոլ, արհամարհող եւ իրենց ձեռքին մէջ ուժ ունեցող տիրակալներու կողմէ: Իսկապէս բախտաւորներ են այն անձերը, որոնք իրենց կեանքի օրերուն մէջ աւարտը կը տեսնեն տառապանքին, իսկ իրապէս դժբախտներ են անոնք, որոնք իրենց աչքերը առյաւէտ կը փակեն այս աշխարհին, առանց հասնելու արդարութեան:
Որքա՜ն երջանիկ պէտք է զգան այն մարդիկ, որոնք սերունդներ կը կտակեն աշխարհին. անոնք գէթ իբրեւ յետնորդներ կը տեսնեն ժամանակաւոր ուժին աւարտը, եւ կը բարձրաձայնեն արդարութեան վերահաստատման աւետիսը: Սակայն որքա՜ն աւելի դժբախտներ են այն խեղճերը, որոնք սերունդներ կտակած չըլլալով, անհետ կը սրբուին պատմութեան էջերէն, եթէ մասնաւոր կարողութեամբ իրենց դրոշմը թողած չըլլան կեանքի քառուղիներուն վրայ:
Եսամոլութեան, արհամարհանքին եւ ուժին համադրութիւնը, թէպէտ ժամանակաւորապէս, սակայն որոշ իմաստով իր աւերը կը գործէ, խանգարելով աստուածաստեղծ մարդուն երջանիկ կեանքը, այս ազատ երկինքին տակ:
Եսամոլ, արհամարհող եւ իր ձեռքին ուժ ունեցող մարդը արդեօք կը զգա՞յ իր գործած աւերը. այս հարցումին կրնան պատասխանել միայն իրենք՝ եսամոլ, արհամարհող եւ իրենց ձեռքին ուժ ունեցող մարդիկ: Շատ ներքին, ծածուկ եւ գաղտնի զգացում մըն է այս, որ մեզի ծանօթ չէ՛ բարեբախտաբար:
Միակ մխիթարութիւնը, որ արդարասէր մարդոց համար յոյս կը ներշնչէ, եսամոլութեան, արհամարհանքին եւ կործանարար ուժին ժամանակաւոր ըլլալու հանգամանքն է: