Ստեղծուած անորոշութեան պայմաններուն մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ կոչ ուղղեց՝ կարելի եղածին չափ շուտ հանդիպում մը իրականացնելու Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ՝ երկխօսութեան նպատակով: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան անանուն պաշտօնեայ մը:
Ըստ անոր` Սոֆիայի մէջ նախատեսուած, սակայն տեղի չունեցած հանդիպումէն ետք, Ստեփանակերտ-Պաքու նոր հանդիպման հարցը այս պահուն փակուղի մտած է: Ան աւելցուց, որ սեղանին որեւէ նոր առաջարկ չկայ, եւ առայժմ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ եւ ո՛ւր կրնայ տեղի ունենալ կողմերուն յաջորդ հանդիպումը։ Եւրոպացի պաշտօնեան պնդեց, թէ Պրիւքսէլ կը շարունակէ մնալ անշահախնդիր եւ անկեղծ միջնորդ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ:
«Նախագահ Միշէլ ատրպէյճանական կողմին շեշտեց Լաչինի ճամբան անյապաղ բանալու անհրաժեշտութիւնը` Միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութեան համապատասխան, եւ որպէսզի կանխուի հետագայ լարուածութիւնը: Ան նաեւ ի գիտութիւն կ՛ընդունի ատրպէյճանական կողմի պատրաստակամութիւնը մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու այլ ուղիներով, ներառեալ` Աղդամով», նշեց «Ազատութեան» աղբիւրը։