ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

2020ի Արցախեան 44օրեայ պատերազմէն ետք, թէ՛ թշնամի Ատրպէյճանի, թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ Արեւմուտքին կողմէ Հայաստանի կառավարութեան առջեւ դրուեցաւ կարեւոր խնդիր մը։ Ատրպէյճանի հետ կատարել սահմանազատում եւ սահմանագծում, որուն պիտի հետեւի խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրում։
Սահմանագծման եւ սահմանազատման գծով այստեղ պէտք է ընդգծել քաղաքական եւ պատմա-իրաւական կարեւոր փաստարկում մը։
Ատրպէյճանը հանրապետութիւն հռչակուած է եւ անկախութիւն ստացած 1991 Հոկտեմբեր 18ին, իրեն հռչակելով Ատրպէյճանի առաջին հանրապետութեան (27/05/1918-28/04/1920) իրաւայաջորդ, որուն կազմին մէջ չեն եղած ո՛չ Արցախը եւ ոչ ալ Նախիջևանը։ Աւելին, անիկա իբրեւ պետութիւն չէ ունեցած յստակացած սահմաններ եւ չէ ճանչցուած ոչ Ազգերու Լիկայի եւ ոչ ալ որեւէ այլ կառոյցի կողմէ։ Իսկ որպէս պետութիւն, Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը ճանչցուած է Ազգերու Լիկայի կողմէ, որուն մէկ յանձնաժողովը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծում կատարած է 24 Փետրուար 1920ին (անիկա չէ վաւերացուած քաղաքական դէպքերու պատճառով)։ Այնպէս որ այս յանձնաժողովի ընդունած սահմանները միջազգայնօրէն միակ փաստաթուղթն են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագծման եւ սահմանազատման։ Հետեւաբար Ատրպէյճանի տարածքը միջազգային իրաւական փաստաթուղթով 86,600 քառ. քլմ. չէ, այնպէս ինչպէս կը յայտարարէ Հայաստանի վարչապետը։
1991ին, Խ. Միութեան փլուզման յաջորդեց ԱՊՀի ստեղծումը Ալմա Աթայի հռչակագիրով, որ ըստ էութեան կայսրութեան անուղղակի պահպանումն էր։ Նախկին խորհրդային երկիրներ այս հռչակագիրը ստորագրեցին տարբեր տարիներու։ Ալմա Աթայի հռչակագիրով, խորհրդային նախկին հանրապետութիւնները կը ճանչնային իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Հայաստանի խորհրդարանը վաւերացուց զայն, վերապահութիւն յայտնելով Արցախի գծով, որ մինչ այդ, նոյն թուականի Սեպտեմբեր 2ին, հռչակած էր իր անկախութիւնը։ Ներկայիս հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու հիմքը այս հռչակագիրն է, որ սակայն նոյն նախկին Խ. Միութեան սահմաններու հաստատումն է։ Իսկ խորհրդային սահմանները գծուած են մեկնելով ռուսական շահերէ, որոնք աւելի միտուած են պաշտպանելու Ատրպէյճանի շահերը։ Ալմա Աթայի հռչակագիրը ոչ մէկ պարագայի ընդունելի պէտք չէ ըլլայ Հայաստանի համար, որովհետեւ անիկա չ՛արտացոլացներ հայութեան իրաւունքներն ու շահերը։ Աւելին՝ ան միջազգայնօրէն իրաւական ոչ հիմք ունի ոչ ալ ճանաչում։
Սահմանագծման եւ սահմանազատման շուրջ խօսակցութիւնները սկսելուն զուգահեռ, առաջ մղուեցաւ քարտէզներու խնդիրը։ Հարց ծագեցաւ, թէ ո՞ր թուականի քարտէզը պէտք է հիմք ընդունիլ։ Ինքնին այս մէկը ապացոյց է, որ 1920ին խորհրդայնացումէն ետք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանները փոփոխութիւններ կրած են եւ միշտ՝ ի վնաս Հայաստանի։ 1921ին Հայաստանի տարածութիւնը (առանց Արցախի) եղած է շուրջ 31,000 քառ. քլմ. 1927ի մարդահամարին կցուած քարտէզներուն վրայ, Խորհրդային Հայաստանի արեւելեան եւ հիւսիսային սահմանները նոյնը չեն, ինչ որ են այսօր: Անոնց մէջ Ատրպէյճանին «նուիրուած» հողամասերը, ներառեալ Արծուաշէնը, Ալ լիճերը, Շուռնուխի արեւելեան շրջանը եւ Կապանի օդակայանի մօտակայքը Հայաստանի տարածքի մէջ կը գտնուին: Ուշագրաւ է, որ այդ օրերուն Հայաստանը եւ Արցախը իրարմէ բաժնողը միայն Հակարի (Աղաւնօ) գետն էր: Իսկ անկլաւներն (ցամաքային կղզեակներ) ընդհանրապէս չկային:
Ատրպէյճանին տարածքներ յանձնող եւ ապագային Հայաստանի տարածքին վրայ ատրպէյճանական անկլաւներ ստեղծողները նպատակ ունեցած են Հայաստանի կապը դէպի հարեւան երկիրներ տեղադրել Ատրպէյճանի տարածքով անցնող մայրուղիներով, այսպիսով անոնց հսկողութիւնը ուղղակի յանձնելով Ատրպէյճանին: Ճիշդ այս նպատակով, անկլաւները տեղադրուած են Հայաստանը Վրաստանին եւ Իրանին կապող մայր ճանապարհներու վրայ, որոնք կ՛անցնին անկլաւներու միջով։ Իսկ Սիւնիքի Գորիս-Կապան ճամբան, ինչպէս նաեւ Տաւուշի շրջանի Իջեւանէն Ոսկեպար եւ Նոյեմբերեան-Վրաստան ճամբան երկու անգամ կը հատեն սահմանը եւ կ՛անցնին Ատրպէյճանի տարածքով, ապա կը վերադառնան Հայաստան: Այլ խօսքով, անկլաւները ստեղծուած են Հայաստանը կղզիացնելու աշխարհէն, վերահսկելու անոր առաւելագոյն չափով, որուն հետեւանքով երկիրը ի վիճակի պիտի չըլլալ զարգանալու ո՛չ տնտեսապէս, ոչ ժողովրդագրականօրէն եւ ժամանակի ընթացքին ամբողջութեամբ կրնայ անցնիլ Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ։
Վերոնշեալ երկու օրինակները բաւարար են հասկնալու, թէ սահմանազատման եւ սահմանագծման համար պէտք է մերժելի ըլլան 1975ի քարտէզները, որոնք Ռուսիոյ կողմէ պարտադրուած են եւ ոչ մէկ պարագայի կը բխին Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութենական շահերէն։ Դժբախտաբար, անկախ Հայաստանի իշխանութիւնները առաջին օրէն չհասկցան, որ Արցախի կորուստը նաեւ Հայաստանի վերացումն է։ Այս իմաստով Ատրպէյճանը հետեւողականօրէն կը գործէ, իր թիկունքին ունենալով Ռուսիան եւ Թուրքիան։ Տակաւին օրեր առաջ. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարելի չէ անջատել Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններէն։ Այս կը նշանակէ թէ Ատրպէյճանի քաղաքական բոլոր քայլերուն եւ պահանջներուն ետին կանգնած է Թուրքիան։
Իսկ թուրքերը ի՞նչ կը պահանջեն մեզմէ։
Եթէ ուշադիր հետեւինք Ալիեւի յաւակնոտ յայտարարութիւններուն, ապա պիտի տեսնենք, որ լաւագոյն պարագային ռուս-թուրք-ատրպէճանական եռեակը մեզի կրնայ «շնորհել» Երեւանեան նահանգը եւ յարակից մասեր։ Ճիշդ այնպէս ինչպէս, թուրքերը մեզի կը խոստանային դեռ 1918ին մայիսեան հերոսամարտերու նախօրեակին կամ այնպէս ինչպէս Էնվերը կ՛առաջարկէր Դաշնակցութեան, 1914 Կարնոյ մէջ գումարուած 8րդ Ընդհանուր Ժողովին։ Այլ խօսքով, թուրքերը աւելի քան հարիւր տարի է նպատակաուղղուած կ՛աշխատին իրենց ծրագիրը իրագործելու համար։
Ահաւասիկ այս շրջագիծին մէջ պէտք է հասկնալ Արցախի շրջափակումը, որ կը շարունակուի ութը ամիսէ ի վեր։ Արցախը մեր վերջին պատուարն է թրքական ծրագիրները ձախողութեան մատնելու կամ ինչպէս ըսած է ՀՅԴի նախկին ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան, Արցախը մեր Ստալինկրատն է։ Եւ այսօր Արցախի մէջ, 120,000 հայեր, իբրեւ հայկական բանակի զինուորներ կը դիմադրեն ռուս-թրքական ծրագիրին։
Կը յաջողի՞նք պահել Արցախը, կ՛ունենանք ազատ, անկախ Հայաստան։ Այլապէս, Արցախի անկումէն ետք, ոչ երկար ժամանակ ետք, Հայաստան եւս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։