Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի հաւանական հանդիպումի նախաշեմին, Անգարա աշխուժացուցած է հացահատիկի արտածումներու գործարքին գծով Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ հաղորդակցութիւնները, «Թասս» լրատու գործակալութեան յայտնեց դիւանագիտական աղբիւր մը:
«Թուրքիա աշխուժացուցած է Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ հացահատիկի արտածումներու գործարքին վերաբերեալ բազմակողմ դիւանագիտական աշխատանքը: Աշխատանք կը տարուի արտաքին գործոց, պաշտպանութեան եւ առեւտուրի նախարարութիւններուն միջոցով, նախաձեռնութեան իրականացման խոչընդոտող հարցերը վերացնելու նպատակով», ընդգծեց նոյն աղբիւրը: