Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը այս տարուան Մարտին հրապարակած էր հետաքննութիւն մը, ըստ որուն, ատրպէյճանական բեռնատար օդանաւերը 2016էն 2023 միջեւ առնուազն 92 անգամ էջք կատարած են Իսրայէլի «Օվտա» ռազմակայանը:
Այս տուեալը ուշագրաւ է, որովհետեւ «Օվտա»ն, ըստ «Հաարեց»ի, Իսրայէլի մէջ միակ օդակայանն է, որուն միջոցով օդային ճամբով պայթուցիկներ կը ներածուին Իսրայէլ կամ այնտեղէն կ՛արտածուին:
«Հետք»ը իր կարգին ուսումնասիրած է «Հաարեց»ի հրապարակումէն ետք կատարուած նման թռիչքներ եւ հաստատած, որ այս տարուան Ապրիլ-Յունիս ամիսներուն, դէպի «Օվտա» յաւելեալ 4 թռիչքներ կատարուած են ատրպէյճանական բեռնատար օդանաւերու կողմէ։
Մեկնելով օդակայանի բացառիկութենէն` կարելի է ըսել, որ անիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունի զարգացած ռազմարդիւնաբերութիւն ունեցող Իսրայէլի եւ այս ոլորտին մէջ անոր գործընկեր երկիրներուն համար:
«Հաարեց»ը կը նշէ, որ Իսրայէլի գլխաւոր` Թել Աւիւի «Պեն Կորիոն» օդակայանին միջոցով պայթուցիկներու տեղափոխումը արգիլուած է, որովհետեւ անիկա կը գտնուի խիտ բնակեցուած գօտիի մէջ: Փոխարէնը պէտք է նկատել, որ «Օվտան»ը երկրի հարաւային անապատային հատուածին մէջ է` Էյլաթ քաղաքէն շուրջ 45 քիլոմեթր հիւսիս:
1980ին կառուցուած «Օվտա»ն նախապէս ոչ միայն օդուժին կը ծառայէր, այլ նաեւ կ՛ընդունէր քաղաքային թռիչքներ` սպասարկելով Էյլաթ քաղաքին ու յարակից բնակավայրերուն: Սակայն 2019էն սկսեալ անիկա միայն զինուորական օդակայան է` ռազմակայան: