«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Արցախի խորհրդարանի իշխող «Ազատ Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Յարութիւնեան յայտնեց, որ անցեալ ամիս, Ստեփանակերտ-Պաքու ձեւաչափով երրորդ երկրի մը տարածքին մէջ հանդիպման կարելիութիւն եղած է, սակայն հանդիպումը տեղի չունեցաւ:
«Այդպիսի առաջարկ եղել է` Ստեփանակերտ-Բաքու ուղիղ երկխօսութեան, Ամերիկայի միջնորդութեամբ: Օրակարգում ընդգրկուած հարցերը, ինչի շուրջ պէտք է քննարկում լինէր, ըստ էութեան, Ադրբեջանի պարտադրած օրակարգն էր, որի մասին շարունակ խօսում է Ադրբեջանի ղեկավարութիւնը, իրենց ասածով` ինտէգրացիոն (համարկման) այդ գործընթացն է», ըսաւ Յարութիւնեան:
«Ազատութիւն»ը կը գրէ, որ այս հանդիպումը պէտք է տեղի ունենար ամերիկեան կողմին միջնորդութեամբ, բայց ոչ՝ մասնակցութեամբ, սակայն տեղի չէ ունեցած, Ստեփանակերտի`անոր օրակարգին գծով ունեցած մտավախութիւններուն պատճառով: Յարութիւնեան կը յիշեցնէ, որ վերջին անգամ Մարտին, ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման մասին, որ, ըստ անոր, արդիւնաւէտ չէր. Ստեփանակերտի ներկայացուցիչը փորձած էր քննարկել մարդասիրական հարցեր, իսկ հանդիպումէն ետք Պաքուէն յայտարարած էին, թէ խօսած են համարկումի մասին: Արցախի իշխանութիւնները կը հաստատեն, որ չեն ուզեր խօսիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ համարկուելու նիւթով:


«Փորձեց ներկայացնել, որ քննարկում է եղել ինտէգրացիոն պրոցեսների (գործընթացներու) շուրջ, բայց այդ հանդիպման ժամանակ որեւէ նման հարց մեր կողմից չի քննարկուել: Մեր օրակարգը այդ հանդիպմանը եղել է ենթակառուցուածքային եւ հումանիտար հարցերը: Այս անգամ էլ Ադրբեջանը փորձում էր նոյն օրակարգով, այսինքն, մի անգամ այդպիսի հանդիպում արդէն եղել է, որ որեւէ արդիւնք չի տուել եւ այս անգամ էլ նոյն օրակարգով հանդիպում տեղի ունենալու դէպքում նոյնպէս չէր լինելու այդ ակնկալուող արդիւնքը, դրա համար այդ հանդիպումը տեղի չի ունեցել», ընդգծեց Արթուր Յարութիւնեան:
Միւս կողմէ, Երեւան մնայուն կերպով կը յայտարարէ, որ անհրաժեշտ է Ստեփանակերտ-Պաքու ձեւաչափով երկխօսութեան սկսիլ. այս հարցը կը քննարկուի նաեւ Արեւմուտքի միջնորդութեամբ բանակցութիւններուն ընթացքին: Վերջին` Ուաշինկթընի մէջ բանակցութիւններէն ետք, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած էր, որ հետագայ աշխատանքը պէտք է տարուի Պաքու- Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջազգային գործիքակազմի մը ստեղծման համար, մինչ այդ, փաստօրէն, ոչ միջազգային հաստատուած ձեւաչափով, սակայն ուղիղ երկխօսութեան կարելիութիւն եղած է, որմէ Ստեփանակերտ հրաժարած է:
«Ի հարկէ, մենք կողմ ենք անմիջապէս Ստեփանակերտ-Բաքու երկխօսութեանը, բայց ոչ թէ պարտադրանքի, ճնշման կամ նախապայմանների պայմաններով, այլ` իրաւահաւասարութեան: Այսինքն` բանակցութիւնները պէտք է լինեն իրաւահաւասարութեան սկզբունքի հիման վրայ ու պէտք է քննարկուեն հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ բոլոր հարցերը, որոնք այս պահին խոչընդոտում են», դիտել տուաւ Յարութիւնեան:
Ստեփանակերտ-Պաքու բանակցութիւնները որեւէ պահու պէտք է սկսին` նախ եւ առաջ փորձելու լուծել հասարակ հարցերը։ «Ազատութեան» կայանին մէջ «Կիրակնօրեայ Վերլուծական»ին ընթացքին յայտարարեց Արցախ Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուել Բաբայեան:
«Պէտք է փորձել անմիջապէս տարբեր հարցերի շուրջ գալ վստահութեան, ժողովուրդը ապրի հանգիստ, նորմալ (բնական), դրանից յետոյ նոր արդէն կ՛անցնենք երկրորդ փուլին` կարգավիճակ եւ այլ մնացած բոլոր այն խնդիրներին, որոնք կան: Եթէ մենք չգնանք էդ ճանապարհով ու փոխվստահութիւն չլինի, ես ձեզ վստահեցնում եմ` 30 տարի բանակցել ենք ոչնչի չենք հասել եւ 30 էլ բանակցելու ենք, էլի չենք հասնելու», ըսաւ Բաբայեան: