Սիրելի՛ վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոս,
Ձերդ սրբութեան ընտրութեան եւ օծման 28րդ տարեդարձին առիթով, յանուն Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի, օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեանց, ծխական շրջաններու, կրթական կառոյցներու, բարերարներու եւ մեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած ժողովրդեան ու անձնապէս կը շնորհաւորենք ձեզ, մաղթելով մշտադալար օրեր, ինչպէս նաեւ նոր իրագործումներով ու նուաճումներով դրասանգուած նոր յաղթանակներ, վասն մեր ազգի ու ժողովրդեան, յաղագս Հայ եկեղեցւոյ, աթոռին ու Կիլիկեան Ուխտին:
Որդիական սիրով ու աջահամբուրիւ:
Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ