
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2024ի Ազգային պաշտպանութեան արտօնութիւններու օրինագիծին (NDAA) ներկայացուած յաւելուածներու միջոցաւ, կարգ մը քոնկրեսականներ կը ջանան զօրակցիլ պաշարուած Արցախի ժողովուրդին եւ կասեցնել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնները։
Ստորեւ՝ ներկայացուած 13 յաւելուածները.
– Թիւ 163․- Ճուտի Չուի ներկայացուցած այս յաւելուածը կը պահանջէ մանրամասն զեկուցում պատրաստել Արցախի պաշարման հետեւանքներուն մասին։
– Թիւ 340․- Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոնի եւ Կասի Պիլիրաքիսի ներկայացուցած այս յաւելուածը կը պահանջէ «արգիլել Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն տրամադրուող ռազմական եւ ապահովական ոլորտի բոլոր աջակցութիւնները»։
– Թիւ 426 յաւելուածով, Քեթի Փորթըր կը պահանջէ ուսումնասիրութիւն մը կատարել ուժանիւթի ոլորտին մէջ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջոցաւ գործակցութեան, բացայայտելու համար միջազգային պատժամիջոցները խախտող Պաքուի քայլերը։
– Թիւ 556 յաւելուածը ներկայացուած է յունական ծագումով քոնկրեսականներ Քրիս Փափասի եւ Տինք Թայթըսի կողմէ, պահանջելով քննարկել 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Թուրքիոյ ծախուած ամերիկեան F-16 ռազմական օդանաւերու գործածութեան ծալքերը։
– Թիւ 692, որ նոյնպէս Փալոնի եւ Պիլիրաքիսի կողմէ ներկայացուած է, Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ կը պահանջէ Արցախը շրջափակուած պահելու անոր որոշումին համար, միաժամանակ պահանջելով Բերձորի (Լաչին) միջանցքին անյապաղ վերաբացումը։
– Թիւ 721 յաւելուածը ներկայացուած է Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի Եւրոպայի ենթայանձնախումբի ատենապետ Թամըս Քինի կողմէ պահանջելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարէն եւ քոնկրեսական յանձնախումբերէն՝ տեղեկութիւններ փոխանցել Լաչինի միջանցքի իրավիճակին մասին։
– Թիւ 858 յաւելուածով, Քին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարէն նաեւ տեղեկութիւններ կը պահանջէ Պաքուին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւններուն մասին, որոնք վնաս կը հասցնեն Հայաստանի հետ Ատրպէյճանի բանակցութիւններուն։
– Թիւ 863 յաւելուածը, որ ներկայացուած է Կեդրոնական Քալիֆորնիայէն Ճիմ Քոսթայի կողմէ, կը պահանջէ քննարկել 44օրեայ պատերազմին եւ Լաչինի միջանցքին փակումին հետ կապեր ունեցող ատրպէյճանցի քաղաքական եւ զինուորական պաշտօնատարները պատժելու կարելիութիւնները։
– Թիւ 947 յաւելուածը ներկայացուցած են Աննա Իշու եւ Քրիս Սմիթ, որոնք կը պահանջեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներէն բացատրել Ատրպէյճանի զինումը կասեցնելու նպատակով վաւերացուած թիւ 907 յաւելուած շրջանցելու նախագահին որոշումը, շեշտելով, որ այդ քայլը աւելի յանդուգն դարձուցած է Պաքուն, որ կը շարունակէ մարդկային իրաւանց եւ միջազգային օրէնքներու խախտումները։
– Թիւ 1087 յաւելուածը ներկայացուցած Թոնի Քարտենազ կը պահանջէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն տեղեկագիր մը ներկայացնել Արցախի դէմ գործածուած թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ գործածուած ամերիկեան արհեստագիտութեան մասին։
– Թիւ 1127 յաւելուածով, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ կը պահանջէ արգիլել Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց, առեւտուրի եւ պաշտպանութեան նախարարներուն կողմէ Ատրպէյճանի զինումը, մինչեւ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական յարձակումներուն կասեցումը։
– Թիւ 1132 յաւելուածը, դարձեալ Շիֆի հեղինակութեամբ, կը շեշտէ, թէ Քոնկրեսը պէտք է ընդունի, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութիւնը կարելի պիտի դառնայ միայն, երբ կ՛ապահովուի Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։
– Թիւ 1160 յաւելուածով, Շիֆ կը պահանջէ Ատրպէյճանի կողմէ պահուող բոլոր հայ գերիներու ազատ արձակումը, «անյապաղ եւ առանց նախապայմանի»։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան դրուատեց քոնկրեսականներու այս քայլերը, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ որոշ չափով զսպել Արցախի հայութեան շարունակաբար սպառնացող Պաքուն, կոչ ընելով ամերիկահայութեան, որ անոնց աջակցելու երաշխիքներ ապահովեն իրենց քոնկրեսականներէն, այցելելով www.anca.org/NDAA կայքէջը։