Ռուսական ռազմական օդանաւեր Կիրակի օր հարուածեցին Իտլիպի, Լաթաքիոյ եւ Հալէպի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող զինեալներու կեդրոնները, հաղորդեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:
Ռուսական օդուժը օդային երկու յարձակումներ գործեց Իտլիպի հիւսիս-արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Ժըսր Շուղուր քաղաքի մերձակայքին դէմ:
Ռուսական ռմբաձիգները թիրախ դարձուցին «Թահրիր Շամ» ահաբեկչական խմբաւորման եւ անոր դաշնակիցներու Իտլիպի հարաւը գտնուող Արիհա քաղաքի հրամանատարական գրասենեակը:
Ռուսական օդուժը հարուածեց նաեւ Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շրջանի եւ Իտլիպի մերձակայքին մէջ «Թահրիր Շամ»ի եւ «Թիւրքիստանեան իսլամական կուսակցութեան» դիրքերը:
Ռուսական օդուժը թիրախ դարձուց նաեւ Հալէպի արեւմտեան գիւղական շրջանէն մինչեւ Սահլ Ղապ եւ Լաթաքիոյ գիւղական շրջանի ճակատները երկարող շրջանը:
Ըստ «Մայատին»ի՝ Իտլիպի մօտ, «Թահրիր Շամ»ի եւ անոր դաշնակիցներու կեդրոնատեղիներուն դէմ 1.5 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան 30 օդային յարձակումներ, որոնք քանդեցին «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ի ղեկավարութեան կեդրոնատեղին եւ զինապահեստանոցները:
Սուրիական եւ ռուսական օդուժները Շաբաթ օր եւս շարք մը յարձակումներ գործեցին Իտլիպի եւ Լաթաքիոյ գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող ահաբեկիչներու թիրախներու դէմ:
Նախքան այդ, զինեալները հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումներ կատարեցին Համայի արեւմտեան գիւղական շրջանի Ժուրին, Սալհապ ու Տէյր Շամիլ գիւղերուն եւ Լաթաքիոյ Քըրտահա գիւղին վրայ: