Շաբաթ առաւօտեան, վարձկան զինեալներու ռուսական «Վակներ» խումբի անդամները Ուքրանիոյ մէջ իրենց ճամբարներէն անցան սահմանը եւ մուտք գործեցին Ռուսիոյ Ռոսթով քաղաքը: Անոնք շատ արագ եւ առանց որեւէ փամփուշտ կրակելու գրաւեցին շրջանային զինուորական հրամանատարութեան կեդրոնը եւ աւելի հիւսիս, դէպի Մոսկուա ճամբուն վրայ գտնուող Վորոնեժ քաղաքին մէջ գտնուող զինուորական կեդրոնները:
«Վակներ»ի զինեալները սկսան արշաւել դէպի Ռուսիոյ մայրաքաղաքը, ինչ որ Քրեմլինը մղեց բազմաթիւ շրջաններու, ներառեալ Մոսկուայի մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրելու:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով՝ յայտարարեց, որ ռուսական զինեալ ուժերուն հրաման տրուեցաւ «զինեալ ըմբոստութիւնը կազմակերպած անձերը վնասազերծելու»՝ աւելցնելով, որ «Ռուսիան քաղաքացիական պատերազմի մղել ուզող կայ»: Ան խոստացաւ պատժել անոնք, որոնք Ռուսիոյ «դաւաճանած են», «Վակներ»ը ամբաստանելով զինեալ ըմբոստութեան դիմելու յանցանքով եւ այդ քայլը նկատեց «մեր երկրի կռնակէն դաշոյնի հարուած մը»:

«Վակներ»ը հակադարձեց՝ ըսելով. «Փութին սխալ որոշում տուաւ, եւ շուտով նոր նախագահ պիտի ունենանք»:
«Ոչ ոք անձնատուր պիտի ըլլայ», ըսաւ վարձկաններու ղեկավար Եւկենի Փրիկոժին եւ յայտարարեց, որ իրենք սկսած են դէպի Մոսկուա «Արդարութեան երթ»ը:
Շաբաթ գիշեր Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի միջնորդութեամբ, Փութինի եւ Փրիկոժինի միջեւ գոյացաւ համաձայնութիւն մը. վերջինս դադրեցուց մայրաքաղաքէն արդէն 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ հասած իր ուժերուն դէպի Մոսկուա արշաւը եւ ապահովական երաշխիքներու ու իր եւ իր ղեկավարած զինեալներուն դէմ ամբաստանութիւններու ջնջման դիմաց որոշեց զանոնք վերադարձնել իրենց զօրանոցները: «24 ժամուան մէջ, Մոսկուայէն 200 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ հասանք առանց որ մեր զինեալներէն կաթիլ մը արիւն թափի», յայտարարեց «Վակներ»ի ղեկավարը, որ Երկուշաբթի օր անհիմն համարեց այն պնդումները, թէ համաձայնած է 1 Յուլիսէն սկսեալ Ռուսիոյ բանակին միացնել իր ուժերը:
Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ ազդու դերակատարութիւն ունեցող «Վակներ»ի ղեկավարը վերջին ամիսներուն կը քննադատէր Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի ղեկավարումը եւ մասնաւորաբար Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը եւ բանակի սպայակոյտի պետը: Ըստ անոր՝ ռուսական ուժերը Ուրբաթ օր ռմբակոծած էին Ուքրանիոյ մէջ գտնուող «Վակներ»ի ճամբարները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն «Սի.Էն.Էն.»ի հետ Կիրակի օր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն չէ փոխած իր ռազմավարական ուժերու պատրաստութիւնը՝ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Ըստ անոր՝ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն հիման վրայ, Միացեալ Նահանգները չէ տեսած Ռուսիոյ ռազմավարական ուժերու պատրաստութեան փոփոխութիւններ: «Միացեալ Նահանգները ամբողջական պատկերացում չունի Ռուսիոյ վերջին օրերու իրադարձութիւններուն մասին. Ուաշինկթըն կը սպասէ, թէ կացութիւնը ինչպէ՛ս պիտի զարգանայ», ըսաւ ան:
Պլինքըն «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»ին յայտնեց, որ Փութինի իշխանութեան աննախադէպ այս մարտահրաւէրը վերջինիս իշխանութեան ուժին մէջ նոր «ճեղքեր» բացայայտեց:
Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Փոսթ»ը եւ «Նիւ Եորք Թայմզ»ը կը գրեն, թէ ամերիկեան հետախուզութիւնը Յունիսի կէսերուն արդէն տեղեկութիւն ստացած էր, որ Փրիկոժին Ռուսիոյ մէջ հաւանական զինեալ ապստամբութիւն կը կազմակերպէ: