Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի կողմէ Լիբանանի համար յատուկ պատուիրակ նշանակուած Ժան Իվ Լը Տըրիան Շաբաթ կէսօրին հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ Լը Տըրիանի ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները՝ պայմանաւորուելով խորհրդակցութիւնները շարունակել:
Լիբանան կատարած իր այցելութեան աւարտին, Լը Տըրիանի կողմէ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իր առաջին այցելութեան ընթացքին ան փափաքեցաւ լսել լիբանանեան քաղաքական ուժերը:
Այդ պատճառով ալ Լը Տըրիան հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքացիական, հոգեւոր եւ զինուորական իշխանութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած քաղաքական բոլոր ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ:
Լը Տըրիան յայտնեց, որ Մաքրոնին պիտի ներկայացնէ տեղեկագիր մը եւ մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան, որովհետեւ ժամանակը ի նպաստ Լիբանանին չէ:
«Պիտի ջանամ լիբանանցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը դիւրացնել, որպէսզի կարենամ յանգիլ այնպիսի լուծումի, որ միաժամանակ ըլլայ համախոհական եւ գործող՝ Լիբանանը դուրս բերելու համար սահմանադրական հաստատութիւններու դատարկութեան փուլէն, ինչպէս նաեւ կատարելու անհրաժեշտ բարեկարգումները՝ Լիբանանի զարթօնքը ապահովելու համար: Այս բոլորը պիտի կատարուին Լիբանանի հիմնական գործընկերներ նկատուող երկիրներուն հետ», նշեց Լը Տըրիան:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց այն մեկնաբանութիւնները, թէ Լը Տըրիան փակած է ֆրանսական նախաձեռնութեան էջը:
Պըրրի հաստատեց, որ Լը Տըրիան ոչ մէկ արտայայտութիւն ունեցած է «Մարատա» հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը շրջանցած ըլլալու առումով եւ ընդգծեց, որ Լը Տըրիանի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին ինք բացատրած է այն պատճառները, որոնք կը մղեն, որ ինք եւ «Հըզպալլա» կառչած մնան անոր թեկնածութեան:
Պըրրի շեշտեց, որ այն վերլուծումները, թէ Միացեալ Նահանգները կ՛արգելակէ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը, անճիշդ են՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է գործակցելու նորընտիր նախագահին հետ, ո՛վ ալ ըլլայ ան:
ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԸ ՔԱՆԴՈՒԻ ԿԱՐԳ ՄԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՄԱՌՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ. ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան, իբրեւ պետութիւն՝ կը կազմաքանդուի կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու յամառութեան եւ անձնական շահերուն պատճառով:
Ան նկատել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը շատ հեզասահ գործողութիւն մըն է՝ աւելցնելով, որ եթէ խորհրդարանը ընտրէ սահմանադրութիւնը գործադրել:
Ան շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններն են Լիբանանի ժողովուրդը աղքատացնելու, զայն նուաստացնելու եւ հայրենիքէն արտագաղթի մղելու պատասխանատուները: