Ատրպէյճան Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին կը վերածէ մզկիթի։ Ահազանգը հաղորդագրութեան մը միջոցաւ հնչեցուց Արցախի պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւնը:
«Պատմութեան բռնաիւրացում, մշակութային ինքնութեան ոչնչացում, կրօնական անհանդուրժողականութիւն, կեղծում», կ՛ըսուի եոնշեալ հաորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ Բերձորի Ս. Համբարձման եկեղեցին հիմնադրուած է Քաշաթաղի շրջանային վարչակազմի առաջին ղեկավար Ալեքսան Յակոբեանի նախաձեռնութեամբ: Շինարարութիւնը աւարտած է 1998ին:
