Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա կը շարունակէ աջակցել Պաքուի եւ Երեւանի տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան հաստատման ջանքերուն:
«Իրավիճակի զարգացումը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ ընդհանրապէս Անդրկովկասի մէջ իրավիճակի բարելաւման ամէնէն կայուն եւ երկարաժամկէտ հիմքը Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ համաձայնութիւններու հետեւողական իրականացումն է», պնդեց Զախարովա:
Ան դարձեալ վստահութիւն յայտնեց, թէ Անդրկովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան »իրական նպատակը Ռուսիան տարածաշրջանէն դուրս մղելն է՝ Հարաւային Կովկասը վերածելով աշխարհաքաղաքական առճակատման ասպարէզի«:
«Առաքելութեան մեկնարկը, որուն յայտարարուած նպատակը Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցիլն է, տեղի ունեցաւ միակողմանիօրէն, ոչ համախորհուրդ հիմքերով, առանց ատրպէյճանական կողմի եւ տարածաշրջանային այլ խաղացողներու համաձայնութեան եւ առանց պատշաճութեան: Ասիկա միայն կը հաստատէ տարածաշրջանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան իրական նախատրամադրութիւնը, որ անոր համար ամէնէն կարեւորը Ռուսիան Անդրկովկասէն դուրս մղելը, Հարաւային Կովկասը աշխարհաքաղաքական առճակատման ասպարէզի վերածելն է՝ ի վնաս այստեղ ապրող մարդոց հիմնարար շահերուն», դիտել տուաւ Զախարովա՝ աւելցնելով.
«Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի տարածքին մէջ Եւրոպական Միութեան «փորձագէտներու» կասկածելի աշխուժութիւնը »յաւելեալ արժէք« չունի, աւելին՝ անոնք չեն կրնար երաշխաւորել ապահովութիւնը եւ Ռուսիոյ վճռական դերով ձեռք բերուած զինադադարի համաձայնութիւններու գործադրութիւնը: Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան իրական երաշխիքը կը մնայ ռուսական խաղաղապահ ուժերուն ներկայութիւնը: Մենք տեղեակ ենք Հայաստանի մէջ իր ներկայութիւնը ուժեղացնելու Եւրոպական Միութեան յայտարարած ծրագիրներէն, որոնց ծիրին մէջ յառաջիկային Հայաստանի մէջ պիտի հաստատուին «դիտորդական» առաքելութեան երեք նոր յենակէտեր Կապանի, Իջեւանի եւ Եղեգնաձորի մէջ: Եւրոպական Միութեան անդամները ի սկզբանէ գործած են ծայրայեղօրէն ոչ թափանցիկ: Եւրոպական Միութեան ներկայութեան տեղակայումը Հայաստանի տարածքին մէջ պարտադիր էր՝ Պրիւքսէլի լուրջ ճնշման տակ: Եւրոպական Միութեան անդամները գործնականին մէջ պարտադրեցին իրենց ներկայութիւնը»:
ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ, ՈՐ Ի ՍԿԶԲԱՆԷ ԻՐ ԾՐԱԳԻՐԸ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ԹԱՓԱՆՑԻԿ Է
«Ի սկզբանէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը բոլորովին թափանցիկ է 6 կէտերէ առաւելագոյնը 103 անձեր հաշուող միջազգային անձնակազմով աշխատելու իր ծրագիրին մէջ: Մենք նպատակ ունինք շուտով հասնելու այս ամբողջական գործունակութեան«, ըսաւ Եւրոպական Միութեան Հայաստանի առաքելութիւնը՝ »Թուիթըր«ի իր էջին վրայ՝ աւելցնելով. »Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը բոլորովին անզէն քաղաքացիական առաքելութիւն է, որ գործարկուած է իբրեւ պատասխան Հայաստանի կառավարութեան խնդրանքին»: