
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով եւ կազմակերպութեամբ Սան Կապրիէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբին ու ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին՝ 23 Ապրիլի երեկոյեան, Հայոց Ցեղասպանութեան Մոնթեպելլոյի յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ աւանդական մոմավառութեամբ հսկումը՝ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհերուն եւ շեշտելու ամերիկահայութեան պահանջատիրութեան աննկուն կամքը։
Հարիւրաւոր հայորդիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հսկումին հանդիսավարն էր KTLA 5 News յայտագիրի հաղորդավար Ճեքլին Սարգիսեան։
ՀՅԴի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան արտասանած իր խօսքին մէջ յիշեցուց, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը միայն պատմական իրողութիւն մը չէ, այլ՝ շարունակուող եւ արդար պայքար մըն է ու ան Արցախի ցեղասպանութիւնը անոր մէկ մասնիկը նկատեց եւ շեշտեց ազգային միասնութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը։
Տպաւորիչ ելոյթներ ունեցան նաեւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Սալվատոր Մելենտեզ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամներ Պապ Արչուլեթա եւ Ճան Հայրապետեան, Մոնթեպելլոյի նախկին քաղաքապետ եւ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճեք Հաճինեան ու ՀԵԴի «Վահան Քարտաշեան» ուխտի ատենապետ Արաբօ ՏեմիրՃեան։
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արա Տապանճեան, Կրեկ Հօշարեան, Անճելա Ամիրեան, Ժիզել Հօշարեան, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներ Ալիսիա Քէօշկէրեան եւ Լորիկ Արթինեան։
Աւարտին, տեղի ունեցաւ մոմավառութեամբ հսկումը՝ հոգեւոր հայրերու մասնակցութեամբ, որմէ ետք մասնակցողները յուշարձանին առջեւ ծաղիկներ խոնարհեցին։