ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Չորեքշաբթի, 14 Յունիսին, կէսօրէn առաջ ժամը 11ին, Լիբանանի խորհրդարանին գումարելիք նախագահական ընտրութեան նիստը կը մնայ առկայ, իսկ անոր զուգահեռ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ունենալու անհաւանականութիւնը կը մնայ տիրական:
Նախագահական ընտրութեան նիստին քաղաքական ուժերու եւ երեսփոխանական խմբակներու քուէներու վերացական հաշուարկը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին ընտրելիք թեկնածուին մասին պրպտումները եւ յստակացումները կը շարունակուին` վառ պահելով ընտրական մթնոլորտը:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս` նախագահական ընտրութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումէն ետք, Կրիօ մեկնեցաւ՝ առանց յայտարարութիւն կատարելու:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ նոյնպէս նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ դեսպան Կրիոյի հետ:
Կրիօ նախարարութենէն մեկնեցաւ՝ մերժելով յայտարարութիւն կատարել, սակայն Պու Հապիպ յայտնեց, որ Կրիոյի հետ քննարկած է նաեւ ՄԱԿի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վերաբերող հարցեր` վերահաստատելով Լիբանանի մերժումը՝ ուժերուն իրաւասութիւնները ընդարձակելու առաջարկին:
Պու Հապիպ նաեւ շեշտեց, որ ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի Լիբանան այցելութիւնը պիտի կատարուի նախագահական ընտրութեան նիստէն ետք: