Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «ՀայՎոթց» միաւորին՝ 7 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, հանրային քննարկում մը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 6րդ ընտրաշրջանի արտակարգ ընտրութիւններուն (27 Յունիսին) իրենց թեկնածութիւնը դրած Իմելտա Փըտիայի եւ Մարիա Ալքարազի հետ:
Թեկնածուներուն եւ անոնց դիրքորոշումներուն մօտէն ծանօթելու նպատակով նախաձեռնուած եւ Վեն Նայս քաղաքի «Վեթիքըն«»սրահին մէջ տեղի ունեցած այս քննարկումին մասնակցեցան առաւել քան 100 քաղաքացիներ։
Նշենք, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 6րդ ընտրաշրջանի սահմաններուն մէջ կ՛իյնան Վեն Նայսէն հատուածներ, Լէյք Պալպօան, Փանորամա Սիթին, Արլիթան եւ Սան Վելին:
Քննարկումը համադրողներն էին՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Ռուբէն Կարապետեան եւ »Ասպարէզ« օրաթերթի խմբագիր Արա Խաչատրեան։
Թեկնածուները պատասխանեցին 6րդ ընտրաշրջանը յուզող հարցերու մասին տրուած հարցումներուն եւ քննարկուեցան շրջանին մէջ հայութեան թիւի աճին, անտունիներու բազմացումին, յաւելեալ բնակարաններու ապահովման, տնտեսական բարգաւաճման եւ ապահովական վիճակին վերաբերող հարցեր եւ կարելիութիւններ։
Յատկապէս հայութիւնը յուզող հարցերուն շարքին էին՝ Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը, հայ մշակոյթի տարածումին ապահովումը, հակահայ արարքները զսպելու կարելիութիւնները եւ պետական մարմիններու մէջ հայերու յաւելեալ ներկայացուցչութեան ապահովումը։
«Ատելութեան հիման վրայ ոճիրները անընդունելի են եւ պէտք է խստագոյն կերպով պատժել անոնց պատասխանատուները», յայտարարեց Ալքարազ:


Փըտիա եւս խոստացաւ հակահայ յարձակումներուն խստօրէն հակադարձել եւ զօրակցիլ շրջանի հայութեան։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ 6րդ ընտրաշրջանի հայերը իրեն դրացիներուն հետ շարք մը հասարակաց մտահոգութիւններ կը կիսեն, սակայն միաժամանակ կը դիմագրաւեն իւրայատուկ մարտահրաւէրներ, յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերող՝ աւելցնելով, թէ նման հաւաքներ առիթ կ՛ընծայեն հայութիւնը յուզող այդ հարցերուն մանրամասնութիւնները ծանօթացնելու քաղաքական գործիչներուն։
Ընտրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել HyeVotes.org կայքը։