Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց «Արցախի ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստանած արցախցիներուն հրատապ օգնութիւն տրամադրելու» վերաբերեալ բանաձեւ մը:
.Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը յայտնեն Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն:
Բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Արցախի 120 հազար բնակիչներու մնացեալ աշխարհէն կտրուած ըլլալու հանգամանքը, յղում կը կատարուի 27 Նոյեմբեր 2020ին Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման վերաբերեալ Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ Ֆրանսայի կառավարութեան ուղղուած կոչ-բանաձեւի ընդունման, Ֆրանսայի տարբեր վարչատարածքային միաւորներու կողմէ Արցախի բնակչութեան ցուցաբերուած օգնութեան, Փարիզի քաղաքապետարանին կողմէ հայ ժողովուրդին ուղղուած աջակցութեան եւ համերաշխութեան բազմաթիւ կոչերուն, Երեւան քաղաքի՝ Ֆրանսախօս քաղաքապետներու միջազգային միութեան անդամակցութեան, կարեւոր կը նկատուի Փարիզ քաղաքին կողմէ արցախահայութեան անգամ մը եւս աջակցութիւն տրամադրելը:
Խորհուրդը նշեալ բանաձեւով նաեւ Փարիզի քաղաքապետին լիազօրութիւն կու տայ կոչ ուղղելու Ֆրանսայի այլ վարչատարածքային միաւորներու եւ Ֆրանսախօս քաղաքապետներու միջազգային միութեան անդամ օտարերկրեայ քաղաքներուն՝ միանալու հրատապ աջակցութեան այս նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստանած արցախցիներուն աջակցիլը եւ Արցախի բնակչութեան ինքնաշարժներու մարդասիրական շարասիւնի միջոցով ուտելիք հասցնելը: