Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Պաքու՝ մասնակցելու ԱՊՀի անդամ պետութիւններու սահմանապահ զօրքերու հրամանատարներու խորհուրդի 86րդ նիստին: Այս մասին յայտնեցին ԱԱԾի մամլոյ կեդրոնէն:
«Բաքւում տեղի ունեցող ԱՊՀ մասնակից պետութիւնների սահմանապահ զօրքերի հրամանատարների խորհրդի 86րդ նիստին մասնակցում է նաեւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերի պատուիրակութիւնը», կ՛ըսուի ԱԱԾի տարածած յայտարարութեան մէջ: