Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի Երասխ գիւղին մէջ, մետաղաձուլարան կառուցող «Ճի. Թի. Պի. Սթիլ» ընկերութիւնը յայտարարութեամբ մը հակադարձեց Ատրպէյճանի բնապահպանութեան նախարարութեան այն պնդումին, որ իբր թէ մետաղաձուլարանի կառուցումը եւ օգտագործումը վնաս կը հասցնէ իրենց երկրի շրջակայ միջավայրին:
«Այսօր մամուլում տարածուեց Ադրբեջանի բնապահպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը Հայաստանում՝ Արարատի մարզի Երասխ գիւղում, սեւ մետաղի ջարդոնի վերամշակման գործարանի (մետաղաձուլարանի) կառուցման վերաբերեալ: Ադրբեջանի բնապահպանութեան նախարարութիւնն իր յայտարարութեամբ յայտնել է, որ մետաղաձուլարանի կառուցումը/շահագործումը վնաս է հասցնելու իրենց երկրի շրջակայ միջավայրին: Չկարեւորելով Ադրբեջանի վերոնշեալ յայտարարութիւնը՝ այնուամենայնիւ, օգտուելով հայաստանեան հասարակութեանը մեր նախագծի մասին առաւել մանրամասն տեղեկատուութիւն տրամադրելու հնարաւորութիւնից եւ ելնելով թափանցիկ ու հաշուետու գործունէութիւն իրականացնելու սեփական յանձնառութիւնից, յայտնում ենք հետեւեալը.
«Կառուցուող մետաղաձուլարանի սեփականատէր հանդիսանում է «Ջի. Թի. Բի. Սթիլ» ՍՊԸն, որը ՀՀ օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով դիմել եւ ներպետական իրաւասու մարմնի՝ ՀՀ բնապահպանութեան նախարարութեան կողմից ստացել է շրջակայ միջավայրի վրայ ազդեցութեան դրական եզրակացութիւն՝ համապատասխան փորձաքննական պահանջներով, որոնք համապատասխանում են բոլոր միջազգային չափորոշիչներին: Եզրակացութեամբ հաստատուել է, որ ներդրուելու են շրջակայ միջավայրի նկատմամբ բացասական ազդեցութեան բացառման բոլոր ժամանակակից տեխնոլոգիաներն (արհեստագիտութիւնները) ու իրականացուելու են բոլոր համարժէք միջոցառումները: Նշենք նաեւ, որ մետաղաձուլարանը չի շահագործւում եւ դեռեւս գտնւում է կառուցման փուլում«, ըստ »Արմէնփրէս«ի, կը նշուի ընկերութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
Կը շեշտուի, որ ընկերութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համար այդքան կարեւոր սահմանամերձ Երասխ համայնքին մէջ՝ Հայաստանի օրէնսդրութեամբ սահմանուած բոլոր պահանջներուն համապատասխան եւ ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան:
«Թերեւս, սրանով է պայմանաւորուած հարեւան պետութեան այսչափ ջղաձիգ արձագանգը: Ի հեճուկս թշնամական շարժառիթներ ունեցող վերոնշեալ գործողութիւնների, մենք լիակամ ենք շարունակելու Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսութեան համար այդքան կարեւոր մեր նախագիծը սահմանամերձ Երասխ համայնքում», կ՛ըսուի «Ջի. Թի. Բի. Սթիլ» ընկերութեան յայտարարութեան մէջ: