Այս խորագրին տակ եւ յաճախակի պիտի աշխատինք մեր ընթերցողներուն աւելի մօտէն ծանօթացնել «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի հովանին վայելող մասնաճիւղերն ու միաւորները, ինչպէս նաեւ յանձնախումբերն ու անոնց տարած աշխատանքերը:
Անցեալ Մայիս 20ին, «Համազգային»ի «Հայկական աւանդոյթներ»ու միաւորը հանրութեան ներկայացուց մանկական նորաձեւութեան շքերթ մը՝ Motherland Fashion խորագրով: Եզակի այս ձեռնարկը մեծ ընդունելութիւն եւ յաջողութիւն գտաւ շրջանէս ներս:
Այս թիւով եւ առաջին իսկ հերթին կը ներկայացնենք «Հայկական աւանդոյթներ»ու միաւորը, որ պաշտօնապէս «Համազգային»ի միաւոր դարձած է 7 տարիներ առաջ:
Ուստի, տեսակցութիւն մը ունեցանք սոյն միաւորի գլխաւոր պատասխանատուներուն՝ Շուշիկ Արսլանեանի եւ Ռիթա Տէմիրճեանի հետ, որոնցմէ քաղեցինք հետեւեալ տեղեկութիւնները, որոնք համադրուած ձեւով կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն:
Միաւորի Ծնունդը
«Համազգային»ը աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւն մըն է բազմաթիւ երկիրներու մէջ տարածուած կառոյցով մը։ Անոր նպատակն է պահպանել եւ տարածել հայ մշակոյթը եւ հայոց պատմութիւնը։ Ասկէ մեկնած եւ յատկապէս մեր նոր սերունդին փոխանցելու համար մեր դարերու պապենական աւանդոյթներն ու սովորութիւնները, 2000 թուականին ծնունդ առաւ այս միաւորը, իր ծրագրումներէն ներս ունենալով հանրութեան ներկայացնել մեր ազգային, ընտանեկան սովորոյթներն ու աւանդ հասած կենցաղէն պատառիկներ:
Այս բոլորը կը միտին մեր նոր սերունդին եւ յատկապէս ամերիկահայ երիտասարդներուն աչքին առջեւ պատկերել ազգային մեր դիմագիծէն օրինակներ, որոնք ամրօրէն ատաղձուած են մեր ժողովուրդի կենցաղին, անոր մշակոյթին ու պատմութեան հետ:
Միաւորի Տարած Աշխատանքները
Իր ծնունդէն ի վեր, միաւորը որոշած է ամէն տարի իր ներկայութիւնը արդարացնող ձեռնարկներով ելոյթ ունենալ եւ այս կերպով ծառայել մշակոյթին եւ իր ուսերուն վրայ դրուած պարկանութիւնը լիովին կատարել:
Ընդհանրապէս իր բոլոր ծրագրումները՝ ասեղնագործութիւն կամ ձեռագործի դասընթացք, նորաձեւութեան եւ կամ այլ տեսակի ցուցահանդէսներու կազմակերպում, մեծ ընդունելութիւն գտած են գաղութի մշակութասէր հասարակութեան կողմէ: Ասոր իբրեւ արդար հետեւանք, կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկներուն ունեցած ենք հոծ ներկայութիւն:
Ձեռնարկներ
1.- 2000ին՝ հայկական պատմական տարազներու ցուցադրութիւն:
2.- 2001ին՝ հայկական աւանդոյթներու ներկայացում հայկական տարազներու ընդմէջէն:
Այս մէկը ներկայացուած է «Համազգային»ի «Անի» պարախումբի միաւորի անմիջական օժանդակութեամբ եւ մասնակցութեամբ:
3.- 2002ին՝ հայկական ձեռագործներու ցուցադրութիւն:
Ձեռագործներ, որոնք բերուած էին Հայաստանէն եւ Միջին Արեւելքի հայահոծ երկիրներէն:
4.- 2004ին՝ հայկական օժիտներու եւ հարսանեկան իրերու ներկայացում:
Օժիտները ներկայացուած են այդ մարզէն ներս հմուտ անձերու կողմէ:
5.- 2005ին՝ միօրեայ սեմինար-հանդիպում հայ-ամերիկացի ինքնութիւն նիւթին շուրջ:
Ձեռնարկին ներկայ եղող 400 հայ երկսեռ երիտասարդներու ներկայութեան, 8 երիտասարդ համալսարանականներ ներկայացուցած են զիրենք մօտէն հետաքրքրող այս էական նիւթը:
6.- 2006ին՝ Անգլիայէն յատկապէս հրաւիրուած փրոֆ. Նուրիցա Մաթոսեան ներկայացուցած է Արշիլ Կորքիի կեանքն ու ստեղծագործութիւնները:
7.- 2007ին՝ մանկական նորաձեւութեան շքերթ անուան տակ կազմակերպուած է իւրայատուկ ցուցահանդէս մը, որուն ընթացքին ցուցադրուած են նորածինէն մինչեւ 8 տարեկան մանուկներու հագուստները:
Յիշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգին մէջ, Հայաստանի մէջ գործող հագուստներու եւ նորաձեւութեամբ զբաղող ընկերութեան մը ներկայացուցիչը կայ:
Սոյն ցուցահանդէսին, ներկայացուած է այդ ներկայացուցիչին՝ Հայաստանի մէջ ձեւուած ու պատրաստուած մանուկներու յատուկ հագուստները:
Ձեռնարկին, որուն ներկայ եղած են շուրջ 300 ծնողներ, մայրեր եւ հագուստի գործով զբաղող վաճառականներ, 2էն մինչեւ 8 տարեկան 33 փոքրիկներ հագուելով վաճառատան հայաստանեան արտադրութիւնները, մեծ խանդավառութիւն ստեղծած են սրահէն ներս:
ԼՈՒՐԵՐ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ
Ա.- Հայրենիքի մէջ «Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման» բաժանմունք
Ընդառաջելով «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան առաջարկին, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը յանձնարարած է Երեւանի պետական համալսարանին (ԵՊՀ) հիմնել «Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման» բաժանմունք մը։ Ուրախութեամբ կը փոխանցենք, թէ ԵՊՀը ընդունած է գաղափարը եւ արդէն իսկ այդ ուղղութեամբ սկսած է նախապատրաստական աշխատանքներու։
Մօտաւոր ապագային ԵՊՀի նախագահութիւնը պիտի դիմէ սփիւռքահայ կրթական եւ մշակութային գործերով զբաղող միութիւններուն եւ դպրոցավարական կառոյցներուն՝ անոնց առաջարկները եւ այս գործին իրենց մասնակցութեան չափին ու ձեւին մասին իրենց կարծիքները հայցելու նպատակով։
ՀՀ կրթական նախարարութեան եւ «Համազգային»ի գործակցութեամբ յաջորդ տարի, որ, ի դէպ, կը զուգադիպի «Համազգային»ի 80ամեակին, Երեւանի մէջ պիտի ներկայացուին սփիւռքահայ անցեալի թէ ներկայի մտաւորականներ՝ զանոնք հայրենի հայութեան աւելի ծանօթացնելու նպատակով։
Բ.- «Համազգային»ի Ուսանողական Հաւաք
«Համազգային»ի ուսանողական մշակութային տարեկան հաւաքը, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Յուլիս 15-29, սկսած է ընդունելու դիմումնագրեր մասնակցիլ փափաքող համալսարանական երիտասարդներէ։
1995ին, իր հիմնադրութենէն ի վեր, մշակութային այս հաւաքը ամէն տարի աշխարհի չորս ծագերէն կը համախմբէ հայ ուսանողներ, որպէսզի հայրենի հողին վրայ անոնք ծանօթանան եւ ընտելանան հայ մշակոյթին, պատմութեան, ընկերութեան եւ արդի կեանքին։
Ուսանողական հաւաքի վերաբերեալ յաւելեալ մանրամասնութիւններու եւ արձանագրուելու համար այցելել անոր կայքէջը՝ forum.hamazkayin.com Նաեւ կարելի է ի-մէյլ ուղարկել forum@hamazkayin.com յաւելեալ լուսաբանութիւններու համար։
Գ.- Վիգէն Պէրպէրեանի DAS KAPITAL գիրքի ներկայացում
Կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, Շաբաթ, 23 Յունիս, 2007ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Սագօ եւ Պէքի Պէրպէրեաններու բնակարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ փարիզաբնակ Վիգէն Պէրպէրեանի նոր հրատարակած DAS KAPITAL գիրքին ներկայացումը: Սիրով հրաւիրուած է մշակութասէր հասարակութիւնը: Յաւելեալ մանրամասնութեան եւ ձեռնարկին ներկայութեան համար դիմել Սագօ Պէրպէրեանին, հեռաձայնելով 818-790-8789 կամ՝ SakoBeckyRSVP@yahoo.com
Պաշտօնապէս կը հաղորդենք, թէ «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նամակագրութեան յատուկ նոր հասցէն է.-
Hamazkayin – Regional
P.O. Box 4732
Glendale, CA 91222
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET