ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նոյեան Տապան».- Երէկ, Յունիս 19ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ամէնամեայ նիստը, որ այս տարի համընկաւ հիմնադրամի գործունէութեան 15ամեակին: «Ասպարէզ» իմացաւ, որ այս նիստի աւարտին յայտարարուած է, թէ հիմնադրամի գործադիր-տնօրէն Նայիրա Մելքումեան փոխարինուած է այլ անձնաւորութեամբ մը՝ Վահէ Աղաբէկեան: «Հայաստան» հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի գրասենեակը հաստատեց լուրը:
Նիստի սկիզբը, Հայաստանի նախագահ, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան մեծ ափսոսանքով արձանագրեց, որ նախորդ նիստէն յետոյ խորհուրդը կորուստներ ունեցած է եւ ներկաները մէկ րոպէ լռութեամբ յարգեցին խորհուրդի անդամներ՝ նախկին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի ու բարերար Վարուժան Դորմանեանի յիշատակը:
Հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմը ամբողջացուեցաւ երկու անդամով. միաձայն քուէարկութեամբ ի պաշտօնէ հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Ազգային ժողովի նախագահ Տիգրան Թորոսեանը եւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը: Խորհուրդը միաձայնութեամբ ընդունեց նաեւ Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչի փոփոխութեան առաջարկը. կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, խորհուրդի անդամ Վարդան Եաղրեան փոխարինուեցաւ Արա Պոյաջեանով:
Նախագահ Քոչարեան «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ իրականացուող Հայաստանի եւ Արցախի զօրացման ծրագիրներու կենսագործման ընթացքին ներդրած նշանակալի աւանդի եւ հիմնադրամի հիմնադրման 15ամեակի կապակցութեամբ «Անանիա Շիրակացի» շքանշանով պարգեւատրեց Ալպեր Պօղոսեանը (Զուիցերիա), Ժան Պօղոսեանը (Պելճիքա), Վահէ Ճազմատարեանը (Ֆրանսա), Գէորգ Թորոյեանը (Միացեալ Նահանգներ), Մկրտիչ Մկրտիչեանը (Քանատա), Արմինէ Կարապետը (Մեծն Բրիտանիա), Ալպեր Պոյաճեանը (Քալիֆորնիա), Խորխէ Վարդպարոնեանը (Արժանթին) եւ Միշէլ Բազումեանը (Ֆրանսա): Նախագահի յատուկ շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան նաեւ հիմնադրամի խումբ մը սփիւռքահայ աջակիցներ:
Նախագահ Քոչարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ 15ամեայ հիմնադրամը իր գործունէութիւնը ծաւալած է հայոց պետականութեան կայացմանը զուգընթաց: «Յիշում եմ առաջին նիստերը, այն ժամանակաշրջանը, երբ ձեւաւորւում էր հիմնադրամը: Մեծ առաջընթաց, ի հարկէ, կայ: Այն ժամանակ մեծ էր խանդավառութիւնը, ռոմանթիզմը, եւ այս ամէնն ինչ-որ չափով կերպարանափոխուած է՝ վերածուելով աւելի կազմակերպուած, աւելի համահայկական բնոյթ կրող կառոյցի», ընդգծեց նախագահը եւ աւելցուց, որ այս 15 տարիներու ընթացքին հիմնադրամը ապացուցած է, որ «ինքն իրենով արդէն ազգային արժէք է եւ ամէնից ներկայացուցչական կառոյցն է: «Հպարտութեան զգացում ունեմ, որ ոչ միայն հոգաբարձուների խորհրդի նախագահն եմ, այլ ընդհանրապէս, աշխոյժ մասնակիցը: Կարծում եմ, որ բոլորն այդ հպարտութեան զգացումը պիտի ունենան: Մեծ աշխատանք է արուած եւ յետադարձ հայեացքով կատարուած աշխատանքների գնահատականն աւելի տպաւորիչ է լինում», եզրափակեց նախագահը:
Հիմնադրամի 2006ի գործունէութեան հակիրճ հաշուետուութիւնը ներկայացուեցաւ տեսահոլովակի միջոցով:
Նշենք, որ հիմնադրամի գործունէութեան 15 տարիներու ընթացքին կառուցուած են 463.8 քիլոմեթր ճանապարհներ, 211.8 քիլոմեթր ջրագիծեր, 43.8 քիլոմեթր կազատարներ, 71.4 քիլոմեթր ելեքտրական ցանց: Իրականացուած են 97 դպրոցներու եւ մանկապարտէզներու, 410 բնակելի շէնքերու եւ առանձնատուներու, 34 առողջապահական հաստատութիւններու, 21 մարզական եւ մշակութային հաստատութիւններու կառուցում եւ նորոգութիւն, ինչպէս նաեւ մշակութային, կրթական եւ գիտական 77 ծրագիրներ: Ընդհանուր առմամբ, իրականացուած են 165 միլիոն տոլար գումարով ծրագիրներ՝ աւելի քան 250 հազար նուիրատուներու աջակցութեամբ: