Եգիպտոս-Իսրայէլ սահմանին վրայ հազուադէպ զինեալ միջադէպի մը ընթացքին, եգիպտական «ապահովական մարմիններու անդամ մը» Շաբաթ օր, կրակ բանալով՝ իսրայէլացի երեք զինուորներ սպաննեց, ապա՝ սպաննուեցաւ:
Մինչ Գահիրէ յայտնեց, որ »ապահովական մարմիններու անդամ«ը թմրեցուցիչի մաքսանենգներ հետապնդելու ընթացքին անցած է երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը, ուր «փոխադարձ կրակոց« արձանագրուեցաւ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ »եգիպտական ոստիկանութեան անդամը» դիտաւորեալ կերպով առնուազն երեք թակարդներ լարած էր:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները, յղում կատարելով իսրայէլեան բանակէն աղբիւրներու՝ հաղորդեցին, որ միջադէպը հարաւային շրջանի զինուորական ղեկավարութեան մէջ պաշտօնազրկումներու պատճառ պիտի դառնայ:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու միջադէպը որակեց »ահաբեկչական ողբերգական յարձակում«՝ աւելցնելով, որ իր կառավարութիւնը եգիպտական կողմին փոխանցած է յստակ պատգամ մը, թէ հետաքննութիւնը պէտք է միացեալ եւ համապարփակ ըլլայ: