Շաբաթ օր տեղի ունեցած երդման արարողութեան ընթացքին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, թէ Թուրքիա «յաջողութեամբ յաղթահարեց իր պատմութեան ընթացքին ամէնէն վճռական ընտրական հոլովոյթներէն մէկը»՝ աւելցնելով. «Ամէն ինչ պիտի ընենք արդարացնելու ինծի, մեր կուսակցութեան եւ քաղաքական դաշինքին՝ ժողովուրդին տուած վստահութիւնը: Մենք պատրաստ ենք ծառայելու Թուրքիոյ 85 միլիոն բնակչութեան իւրաքանչիւրին՝ անկախ անոնց քաղաքական հայեացքներէն, ազգային եւ կրօնական պատկանելիութենէն»:
«Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին, մեր երկիրը միասնութեան կարիք ունի: Համերաշխութեան եւ միասնութեան կոչ կ՛ուղղեմ 81 նահանգներու բնակիչներէն իւրաքանչիւրին», յայտարարեց ան՝ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղելով՝ յարգելու ժողովուրդին կամքը եւ գործելու պատասխանատու կերպով՝ «յանուն թրքական ժողովրդավարութեան ամրապնդումին»:
Ժողովրդավարական սկզբունքերեը յաճախ ոտնակոխող նախագահը եւ նախկին վարչապետը, որ տարներով սահմանադրութիւնը ի նպաստ իրեն «բարեփոխած է», նաեւ ըսաւ, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարութիւնը պիտի զօրանայ սահմանադրութեան նոր խմբագրումով:
Էրտողան աւելի ուշ հրապարակեց Թուրքիոյ նոր կառավարութեան կազմի անդամներու անունները: Կառավարութեան նոր կազմին մէջ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹի, տնօրէն Հաքան Ֆիտան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլուտ Չաւուշօղլուի փոխարէն, զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Եաշար Կիւլեր նշակուեցաւ պաշտպանութեան նախարար՝ փոխարինելով Հուլուսի Աքարը, իսկ Պոլսոյ նահանգապետ Ալի Երլիքայան նշանակուեցաւ ներքին գործոց նախարար՝ փոխարինելով Սուլէյման Սոյլուն:
Նշենք, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Եգիպտոսի նախագահի յատուկ յանձնարարութեամբ մասնակցեցաւ Էրտողանի երդման արարողութեան: Այս մասին հաղորդեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ այս «վերջին շրջանին թուրք-եգիպտական յարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած զարգացումներու, ինչպէս նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու բոլորովին իրենց բնական վիճակին վերադարձին նկատմամբ երկու երկիրներու նախանձախնդրութեան ծիրին մէջ է»: