2 Յունիսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի աշխատանքային խումբի հանդիպումը` երեք երկիրներու փոխվարչապետներուն համանախագահութեամբ: Ըստ «Արմէնփրէս»ին՝ այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի մամլոյ քարտուղարը:
«Մոսկուայի մէջ, պետութիւններու ղեկավարներու յանձնարարականին համաձայն, եռակողմանի աշխատանքային խումբը սկսաւ աշխատանքի` Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ռուսիոյ կառավարութեան փոխնախագահ Ալեքսէյ Օվերչուքի համանախագահութեամբ», ըսաւ ան:
Աւելի կանուխ, Օվերչուք լրագրողներուն ըսած էր, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուելիք հարցերը «կը վերաբերին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի հատման կարգին կապուած թեքնիք մանրամասնութիւններու»: