
Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ արձագանգեցին Քիշինեւի մէջ կայացած հնգակողմանի հանդիպման։
Էլիզէի պալատը յատկապէս լուսարձակի տակ առաւ այն, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Արցախի հայերուն իրաւունքներու եւ ապահովութեան վերաբերող երաշխիքներու ներդրման կարեւորութիւնը։
Պաշտօնական Փարիզ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի նախագահն ու Հայաստանի վարչապետը վերահաստատեցին 6 Հոկտեմբեր 2022ին Փրակի մէջ ձեռք բերուած յանձնառութիւնը՝ սահմաններու ճանաչման վերաբերեալ: «Անոնք վերահաստատեցին, որ փոխադարձաբար կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը», նշեց Փարիզ։
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ եւրոպացի առաջնորդները կոչ ուղղեցին Երեւանին ու Պաքուին՝ հաւատարիմ մնալու իրենց ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններուն, մասնաւորապէս` կարելի եղածին չափ կարճ ժամկէտներու ընթացքին ազատ արձակել ռազմագերիները: Անոնք ընդգծեցին Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կարեւորութիւնը` ի նպաստ Հայաստանի։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Փարիզին՝ յայտնելով, որ ան խեղաթիւրած է Ֆրանսայի, Գերմանիոյ ղեկավարներուն եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահին մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու քիշինեւեան հանդիպման արդիւնքները:
Ըստ պաշտօնական Պաքուի` ֆրանսական կողմին յայտարարութիւնը չ՛արտացոլացներ կողմերուն դիրքորոշումները:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Այխան Հաճիզատէ այդուհանդերձ չյստակացուց ատրպէյճանական կողմի դժգոհութեան պատճառը: «Ցաւօք, ասիկա Ֆրանսայի կողմէ նման պահուածքի առաջին դէպքը չէ, եւ ասիկա դրական ներդրում չէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ գործընթացին մէջ», նշեց ան։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարեւոր նկատեց Երեւանի ու Պաքուի միջեւ բաց երկխօսութիւնը՝ յառաջընթաց արձանագրելու առումով։ «Ամերիկայի ձայնը»ին համաձայն՝ այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեան, որ չէ ուզած հրապարակել իր անունը:
«Ոգեւորուած ենք շարունակական ներգրաւուածութեամբ եւ յառաջընթացով, որ առկայ է խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն մէջ, որոնց կարգին Քիշինիեւի մէջ տեղի ունեցած առաջնորդներուն հանդիպումը: Բաց երկխօսութիւնը կարեւոր է յառաջընթացի համար` ներառեալ հեռանկարներու լիարժէք ըմբռնումը: Կը շարունակենք խրախուսել երկխօսութիւնը եւ աջակցիլ կողմերուն, երբ անոնք կ՛աշխատին երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու համար», յայտնեց պաշտօնեան: