
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԲԺԻՇԿ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԲԱՆ ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՀԵՏ
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Այս տարի Մայիսեան հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման 105ամեակն է։ Ի՞նչ դասեր պէտք է քաղենք մեր պատմութեան այդ բախտորոշ դէպքերէն եւ ի՞նչ պատգամ կը փոխանցեն անոնք մեզի։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Չափազանց մեծ է այդ 3 ճակատամարտերուն պատմական նշանակութիւնը, որովհետեւ արեւելահայութիւնը եւ Արեւելեան Հայաստան ապաստանած 300,000 արեւմտահայ գաղթականները կրցան փրկուիլ ցեղասպանուելէ, այդ ճակատամարտերուն շնորհիւ։ Սակայն, դժբախտաբար պիտի փաստենք, որ թշնամիին պատշաճ դիմադրութիւն ցոյց տուինք շատ ուշացումով։ 1918ի Փետրուարէն օսմանեան փոքրաթիւ բանակը սկսաւ յարձակումը Երզնկայէն եւ մենք չկրցանք պահել Երզնկայէն մինչեւ Վանաձոր (Ղարաքիլիսա) եւ Սարդարապատ միջեւ եղող բնակավայրերը։ Առանց կռիւի զիջեցանք Կարսի անառիկ բերդը, Գիւմրին, Կարինը։ Դասը, որ պիտի քաղենք պատմական այդ ժամանակաշրջանէն, հետեւեալն է՝ թշնամիին ամենամեծ դիմադրութիւն ցոյց տալ, ուր որ ալ ըլլայ, սկսած սահմանի ամենահեռաւոր հատուածէն։ Իսկ ձեռք բերուած յաջողութիւնը միշտ պէտք է զարգացնել՝ չբաւարարուելով եղածով։ Օրինակ՝ մայիսեան հերոսամարտերու ժամանակ, զարմանալի բան մը կատարուեցաւ։ Մայիսի 22-24ին, Սարդարապատի մէջ թշնամին պարտութիւն կրեց։ Այնուհետեւ Սարդարապատէն Ապարան ղրկուեցաւ օգնական զօրք Դրոյի գլխաւորութեամբ եւ Ապարանի մէջ ալ Մայիսի 26-27ին թշնամին պարտուեցաւ։ Այդ ժամանակ, Մայիսի 25-29ին, Վանաձորի մէջ ճակատամարտ էր եւ եթէ Ապարանէն Դրոն, իսկ Դսեղ գիւղէն Անդրանիկը օգնութեան հասնէին, ապա Վանաձորի յաղթանակը մեր կողմը կ՛ըլլար։ Սակայն Դրօ-Անդրանիկ-Նժդեհ համագործակցութիւնը չկայացաւ․․․ ափսոս։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- 1918ին ստեղծուած Առաջին Հանրապետութիւնը ունեցաւ երկուքուկէս տարուան կեանք։ Այսօր նոյն մարտահրաւէրին առջեւ կանգնա՞ծ ենք։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Առաջին Հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ այն ժամանակ, երբ մեր տարածաշրջանէն հեռացած էր ռուսական կայսրութիւնը եւ մենք մինակ մնալով թրքական զօրքերու դէմ, կրցանք յաղթանակ կերտել։ Ռուսերուն հեռանալէն ետք, Հայաստանը ձեռք բերաւ նոր դաշնակիցներ, յանձինս Անգլիոյ եւ Ամերիկայի։ Անգլիոյ օգնութեամբ, Հայաստան կրցաւ թօթափել Պաթումի պայմանագիրով իրեն պարտադրուած պայմանները եւ 1 տարուան ընթացքին Հայաստանի տարածքը 12,000 քառ․ քլմ․էն դարձաւ 60,000 քառ․ քլմ․։ Սա կը նշանակէ, որ հայ ժողովուրդի գլխաւոր խնդիրներէն մէկը ռուսական տիրապետութենէն ազատիլն է։ Սկսած 1878էն, Հայկական Հարցին չլուծուելու գլխաւոր պատճառը եղած է հայ ժողովուրդի ռուսասիրութիւնը։ Պէտք է ճիշդ դիրքաւորուինք գերտէրութիւններուն արանքը, որպէսզի անոնց հակասութիւններէն չտուժենք եւ շահած դուրս գանք։ Արդէն 300 տարի է ռուսական պետութիւնը կը խաբէ մեզ եւ մենք միամտաբար դեռ կը հաւատանք, որ անիկա մեր դաշնակիցն է։ Այսօր, թէեւ կայ վտանգ, սակայն կը կարծեմ որ նոյն մարտահրաւէրին առաջ կանգնած չենք, որովհետեւ 1920ի Ռուսիան շատ աւելի հզօր էր, քան այսօրուան Ռուսիան։ 1920ին, ամբողջ աշխարհը արիւնաքամ եղած էր առաջին համաշխարհայինին պատճառով, իսկ Ռուսիա 3 տարի կրցած էր խուսափիլ մեծ կորուստներէ եւ ուժ հաւաքել։ Ուքրանական ճակատին ռուսերը ակնյայտօրէն ձախողած են եւ անոնց վերջնական պարտութիւնը ժամանակի հարց է։ Կը սիրեմ կրկնել, որ թրքական մուրճը մեզ կրցած է հարուածել միայն ռուսական սալի վրայ։ Ի զուր չէ, որ 1450էն սկսած, օսմանեան ծանր տիրապետութեան տակ ապրելով, հայ ժողովուրդը երբեք կոտորածներու չէ ենթարկուած մինչեւ ռուսերուն յայտնուիլը։ Վտանգ կայ այո, բայց ես զայն կը գնահատեմ իբրեւ փոքր վտանգ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արցախեան հարցի ակունքները կը սկսին 1918-1920էն։ Իրաւականօրէն ի՞նչ կարգավիճակ ունէր Արցախը այդ օրերուն եւ ի՞նչ հիմքեր կան այդ կարգավիճակը մերօրեայ քաղաքականութեան առանցքը դարձնելու։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Արցախեան խնդրի ակունքը 1747 թուականն է, երբ Արցախի մելիք Շահնազար Բ․, որուն մայրը մահմետական էր, իր իշխանութեան տակ գտնուող Շուշիի բերդը նուիրեց մահմետական Փանահին։ Միայն ատկէ ետք մահմեդականներուն դիրքերը սկսաւ ամրանալ Արցախի մէջ, պատճառ դառնալով արցախեան հարցի առաջացման։ Այս մասին մանրամասն գրուած է Բագրատ Ուլուբաբեանի «Արցախի Պատմութիւնը» գիրքին մէջ։ 1918ին, Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, հայ ժողովուրդը առաջին աշխարհամարտի մէջ մտաւ որպէս Դաշնակից երկիրներու դաշնակից եւ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցուեցաւ մօտաւորապէս 60,000 քառ․ քլմ. տարածքով, որ իր մէջ կը ներառէր Արցախը (բացառութեամբ հարաւային 4 շրջաններուն եւ Ակնայի շրջանին)։ Հետեւաբար, եթէ 1991ին, Հայաստանի կառավարութիւնը իրեն հռչակեր որպէս Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան իրաւայաջորդ, ապա միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն հնարաւոր կը դառնար պնդել, որ Արցախի 12,000 քառ․ քլմ․ տարածքի առնուազն 8000ը կը պատկանի Հայաստանին։ Միաժամանակ, 1918-1920ին Հայաստանի կազմին մէջ եղած է նաեւ Նախիջեւանը, հետեւաբար այսօր Հայաստանը իրաւունք կը ստանար Ատրպէյճանէն պահանջել նաեւ Նախիջեւանը եւ այդ ձեւով Արցախի 5 շրջանները Նախիջեւանի հետ փոխանակելու լուրջ հիմքեր կը ստեղծուէին։ Այս մէկը չընելու պատճառը այն է, որ Հայաստանի 1991էն ղեկավարները նշանակուած են բացառապէս Ռուսիոյ կողմէ, իսկ ինչպէս գիտենք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1920ին կործանած են Ռուսիան եւ Թուրքիան, համատեղ։ Հետեւաբար, Ռուսիա որեւէ ձեւով թոյլ չէ տուած եւ թոյլ չի տար Հայաստանի մէջ իր դրածոյ ղեկավարութեան, Հայաստանը հռչակել Առաջին Հանրապետութեան իրաւայաջորդ։ Սա մենք կրնանք ընել միայն Հայաստանը Ռուսիոյ ազդեցութենէն ազատելու եւ ազգային իշխանութիւն ձեւաւորելու միջոցով։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ակնյայտ է, որ այսօր մեր տարածաշրջանը բախման կիզակէտի վերածուած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ։ Հայաստան իր գոյութենական ապահովութիւնը ցարդ վստահած է Ռուսիոյ։ Որքա՞ն ժամանակ Ռուսիա կրնայ պահել կամ պաշտպանել մեր անկախ պետականութիւնը։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Մեր տարածաշրջանը իր պատմութեան ընթացքին եղած է բախումներու կիզակէտ։ Մենք պիտի հասկնանք որ մեր անվտանգութեան միակ երաշխաւորը հզօր ազգային բանակն է եւ ԱԶԳ-ԲԱՆԱԿի ձեւաւորումը՝ «1 ընտանիք՝ 1 զինուոր» սկզբունքով։ Այս պարագային մենք պիտի դառնանք մեր անվտանգութեան երաշխաւորը։ Ռուսիա իրականութեան մէջ երբեք չէ եղած Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորը, այլ հակառակը, Ռուսիա միշտ եղած է Հայաստանի պարտութիւններու երաշխաւորը; Այսօր աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները կը զարգանան այնքան արագ, որ ամիսներ անց Ռուսիա այս տարածաշրջանին մէջ այլեւս կրնայ ներկայ չըլլալ եւ իր զօրքերը հանել Հայաստանէն (նաեւ Արցախէն)։ Այդ ժամանակ, ինչպէս որ 1918ին, կը համոզուինք, որ մենք ենք մեր անվտանգութեան երաշխաւորը՝ մեր իսկական դաշնակիցներուն հետ միասին։ Իսկ իսկական դաշնակիցներ կրնան ըլլալ այն երկիրները, որոնց հետ Հայաստանը կանգնած է ընդհանուր վտանգներու առջեւ։ Թրքական վտանգի առջեւ կանգնած եւ ռուսական ծաւալապաշտութեան դէմ եղող բոլոր երկիրները Հայաստանի համար բնական դաշնակիցներ են։ Հայաստանի անվտանգութեան միակ եւ անփոխարինելի երաշխաւորը հայոց բանակն է եւ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԸ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կայ տեսակէտ, որ անկախ Հայաստանի գոյութիւնը չի բխիր Ռուսիոյ շահերէն եւ իբրեւ օրինակ կը բերուի առաջին հանրապետութիւնը, որ կործանուեցաւ Ռուսիոյ կողմէ։ Համամի՞տ էք այս տեսակէտին եւ ինչ են անոր հիմքերը։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Այդ մէկը տեսակէտ չէ, այլ փաստ է։ Առհասարակ, որեւէ կայսրութիւն, ռուսական, թրքական, պարսկական թէ արաբական, չի կրնար համակերպիլ իր սահմանին մօտ որեւէ փոքր պետութեան գոյութեան եւ զարգացման հետ, որովհետեւ կայսերական տրամաբանութիւնը նոյնինքն փոքրերը կուլ տալով մեծնալն է։ Ռուսիա կրնայ ձեւականօրէն ընդունիլ անկախ Հայաստանի գոյութիւնը, սակայն ամէն ինչ պիտի ընէ Հայաստանը թոյլ եւ կառավարելի դարձնելու եւ պահելու համար։ Ուժեղ Հայաստանը նաեւ վտանգ է Ռուսիոյ համար, որովհետեւ ուժեղ Հայաստանը օր մը սեփական շահերէն մեկնելով կրնայ հակառակիլ ռուսական շահերուն։ Պատմական փորձը ցոյց կու տայ հետեւեալը․ 1801էն, երբ առաջին անգամ մեր տարածաշրջան եկաւ ռուսական բանակը, ռուսերը մեր եւ վրացիներու օգնութեամբ գրաւեցին ամբողջ Արեւելեան Հայաստանը եւ Կովկասի հարաւը, մինչեւ 1828ը։ Այդ 28 տարիներու ընթացքին ռուսերուն գլխաւոր գործը եղաւ վրացական թագաւորութեան եւ հայկական մելիքութիւններու կազմաքանդումը։ 1828ին, Սիւնիքի, Արցախի, Լոռիի, Երեւանի, Գարդմանի հայկական մելիքութիւնները բոլորը ոչնչացած էին, իսկ վրաց արքան իր ընտանիքով ընդհանրապէս վտարուեցաւ Վրաստանէն։ Ոչ մէկ կայսրութիւն երբեք ազատութիւն չի բերեր իր տիրապետութեան հաստատումով։ Կայսրութիւնները կրնան միայն ստրկացնել, ուրիշ ոչինչ։ Կայսրութիւնները չեն ունենար դաշնակիցներ, անոնք միայն հպատակներ եւ թշնամիներ կ՛ունենան. սա պէտք է պարզ հասկնանք։ Հետեւաբար, ինչպէս 1801ին, այդպէս ալ այսօր, Ռուսիա դէմ է ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Վրաստանի ե՛ւ անգամ Ատրպէյճանի գոյութեան։ Իրարու դէմ թշնամացնելով, Մոսկուա պատերազմներ կը հրահրէ, կը թուլացնէ բոլորին, որպէսզի իր տիրապետութեան հաստատումը դառնայ աւելի դիւրին՝ ազատարարի եւ խաղաղարարի քողին տակ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Պարզ է որ Արցախի հարցը կապուած չէ միմիայն հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան, այլեւ ունի միջազգային տարողութիւն։ Լուծման ո՞ր տարբերակը կրնայ գոհացնել հակամարտող բոլոր կողմերը։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Չկայ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւն, կան՝ հայ-թրքական եւ հայ-ռուսական հակամարտութիւններ։ Այո, նաեւ հայ-ռուսական հակամարտութիւն, որովհետեւ Ատրպէյճանը ընդամէնը գործիք է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ձեռքը եւ այն արհեստականօրէն ստեղծուած է անոնց կողմէ՝ ճիշդ այդ նպատակով։ Ատրպէյճանի համար չկայ լուծման ընդունելի տարբերակ, բացի Հայաստանի ամբողջական գրաւումը։ Չկայ Արցախի հարց, կայ Հայկական Հարց եւ Արցախի հարցը այդ հարցին մէկ մասնիկն է։ Եթէ Արցախը զիջինք թշնամիին, ապա թշնամին պիտի ստեղծէ տարածքային նոր վէճ, անընդհատ պատերազմներ հրահրելով։ Մեզի համար լուծման միակ տարբերակը Ատրպէյճանի ջախջախումն է եւ Կուռ գետի բնագիծերուն հասնիլը։ Այլ պարագայի, Ատրպէյճան հանգիստ պիտի չնստի։ Կամ Հայաստանը պիտի գոյութիւն ունենայ, կամ Ատրպէյճանը՝ այս է ճշմարտութիւնը։ Մնացած բոլոր տարբերակները ժամանակաւոր են։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ներկայիս Արեւմուտքը հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Կովկասի նկատմամբ եւ անոր պատգամները կը փոխանցէ։ Կարելի՞ է հասկնալ, որ ինչպէս 1918ին, այսօր ալ Արեւմուտքը կը փափաքի վերադառնալ այս տարածաշրջան եւ այդ վերադարձը որքանո՞վ կը բխի Հայաստանի պետութեան շահերէն։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Այո, այսօր Արեւմուտքը կ՛աշխատի Հարաւային Կովկասի մէջ, նպատակ ունենալով դուրս մղել Ռուսիան։ Ինչպէս արդէն վերը նշեցի, հակաթրքական եւ հակառուսական ճակատի բոլոր պետութիւնները մեզի համար բնական դաշնակից են, որոնց կարգին Արեւմուտքը։ Մեր եւ Արեւմուտքի շահերը կը համընկնին քանի մը ուղղութիւններով․
– Հայաստանի տարածքով իրանեան կազի արտահանում դէպի Եւրոպա, որով ռուսական կազէն Արեւմուտքի կախուածութիւնը կը նուազի, իսկ Հայաստանը հսկայական շահոյթներ կը ստանայ։
– Հայաստան Արեւմուտքին համար կը դառնայ խիստ կարեւոր երկիր, կազի տարհանումը անխափան իրականացնելու համար, հետեւաբար Հայաստանի անվտանգութիւնը էականօրէն կը բարձրանայ
– Հայաստան ձեռք կը բերէ իսկական դաշնակիցներ, որոնց աջակցութեամբ կը վերազինուի հայկական բանակը։ Ռուսական փտած զէնքի փոխարէն կը ստանանք ժամանակակից բարձրակարգ զինատեսակներ՝ այդպիսով մենք վտանգ կը ներկայացնենք Ատրպէյճանին եւ Թուրքիոյ։
Հայաստանի հետագայ գոյութեան միակ նախապայմանը այս տարածաշրջանէն Ռուսիոյ հեռացումն է։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Սահմանագծման եւ Արցախի հարցով Հայաստանի իշխանութիւնները ինչո՞ւ կը հիմնուին 1975ի քարտէսներուն վրայ։ Ո՞ր ժամանակաշրջանի քարտէսները ի նպաստ հայկական կողմին են։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Առհասարակ սահմանազատում եւ սահմանագծում կատարելը չափազանց բարդ, երկարատեւ գործընթաց է եւ իրականութեան մէջ, այդ մէկը նոր բախումներու եւ նոր վէճերի աղբիւր է։ Եթէ անիկա կատարուի ռուսական հովանաւորութեամբ, ապա ամէն սահմանամերձ բլուրի եւ լերան համար Ատրպէյճան պիտի պայքարի, որպէսզի զայն առնէ իր հսկողութեան տակ, հետագայ յարձակման համար գերիշխող դիրք ստանալու նպատակով։ Հետեւաբար, այս գործընթացը պիտի ուղեկցուի անընդհատ բախումներով, զոհերով, վիրաւորներով, ինչ որ էլ Ռուսիոյ իրական նպատակն էր, երբ առաջարկեց սահմանազատում կատարել։ Այժմ, երբ Արեւմուտքը հայ-ատրպէյճանական վէճերու լուծման համար նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը առած է, ապա այս պարագային թերեւս ամէն ինչ սահուն անցնի։ Մեզի համար ընդունելի է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած քարտէսը, բայց եթէ ատիկա հիմա հնարաւոր չէ, ապա գոնէ 1926ի քարտէսը, որովհետեւ 1926ին Խորհրդային Հայաստանի տարածքը եղած է 30,950 քառ․ քլմ. եւ ոչ թէ 29,800։ Մինչեւ 1960ականները Հայաստանի տարածքէն քիչ քիչ կտրած եւ տուած են Ատրպէյճանին, որուն հետեւանքով մենք ունինք 1150 քառ․ քլմ․ տարածքի կորուստ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կանոնաւորման բանակցութիւններուն մէջ, Թուրքիա ի՞նչ ակնկալիքներ ունի հայկական կողմէն իսկ Հայաստան մինչեւ ո՞ւր կրնայ զիջումներու երթալ։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները ուղղակի կախուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններէն, իսկ վերջինս ալ պայմանաւորուած է Ռուսիա-Թուրքիա-Ատրպէյճան-Հայաստան շահերէն եւ հակասութիւններէն։ Ինչպէս հասկցանք, Հայաստանի գոյութիւնը այս երեք պետութիւններուն համար ալ անընդունելի է։ Հետեւաբար, հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ Հայաստանի շահերը պաշտպանել կարենալու համար կրկին պիտի նշեմ մեր տարածաշրջանէն Ռուսիոյ հեռանալու անհրաժեշտութիւնը։ Հայաստան այսօր կը դիմակայէ ռուս-թուրք-ատրպէյճանական դաշինքին եւ եթէ 2020էն յետոյ Արեւմուտքի անուղղակի (իսկ արդէն նաեւ ուղղակի) աջակցութիւնը չըլլար, ապա, ցաւով պէտք է ըսել, որ Ատրպէյճան գրաւած կ՛ըլլար Սիւնիքը։ Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Ռուսիա կ՛ուզեն ոչնչացնել հայկական պետութիւնը։ Հետեւաբար, այս իրադրութենէն միակ ելքը Եւրոպայի, Իրանի, Հնդկաստանի եւ Ամերիկայի հետ համագործակցիլն է եւ դաշինք կնքել անոնց հետ։ Հայաստան ոչինչ ունի զիջելու։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Բերձորի միջանցքին բացումը կը կարծէ՞ք որ արդէն ուղղակիօրէն կապուած է Արցախի հարցի լուծման հետ եւ այստեղ դիւանագիտական պայքար կա՞յ մէկ կողմէ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի եւ միւս կողմէ Հայաստանի եւ Արեւմուտքի կողմէ։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Բերձորի միջանցքը փակուած է Ատրպէյճանի կողմէ, սակայն Ռուսիոյ հրահանգով եւ թոյլատուութեամբ։ Ռուսիա կը ձգտի Արցախի հարցը առաւելագոյնս օգտագործել Հայաստանին «ցաւցնել»ու եւ Հայաստանէն առաւելագոյնը պոկելու համար։ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի համար այլեւս չկայ Արցախի հարց։ Ռուսիա Արցախը ճանչցած է որպէս Ատրպէյճանի մաս։ Արցախը Ատրպէյճանի գրաւումէն փրկելու միակ ելքը կրկին հակաթուրքական եւ հակառուսական ճամբարներուն մէջ է։ Ցաւով պէտք է փաստենք, որ Արցախի մեր հայրենակիցներուն զգալի մասը չի հասկնար աշխարհաքաղաքական խաղը, որ կը խաղայ Ռուսիան եւ Արցախի մէջ շատերը տակաւին Ռուսիան կ՛ընկալեն իբրեւ բարեկամ, դաշնակից եւ փրկիչ։ Եթէ Արցախի մեր հայրենակիցները փողոց իջնեն եւ հակաթրքական եւ հակառուսական ճամբարներէն աջակցութիւն խնդրեն, ապա վստահ եմ, որ Արեւմուտքը օր առաջ կը ստիպէ Ատրպէյճանին բանալ Բերձորի միջանցքը։ Սակայն քանի դեռ Արեւմուտքը կը տեսնէ, որ ռուսական դիրքերը Արցախի մէջ ամուր են եւ Արցախի մեր հայրենակիցներն ալ ռուսական զօրքերուն կը նային իբրեւ պաշտպաններ եւ փրկիչներ, ապա Արեւմուտքը Արցախը փրկելու որեւէ քայլ առնելու պատճառ չունի։ Ինչո՞ւ Արեւմուտքը փրկէ ինքզինք իր թշնամի Ռուսիոյ բարեկամ համարող մարդոց։ Դուք ձեր թշնամիին բարեկամին կը փրկէ՞ք, եթէ ան դժուար կացութեան մէջ յայտնուի եւ ձեզմէ օգնութիւն խնդրելու փոխարէն ձեր թշնամիին ընդունի եւ հաւատայ։ Չէք փրկեր։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Որպէս պատմաբան, կը կարծէ՞ք որ մեր պատմութեան գնահատումը ճիշդ ձեւով չէ կատարուած եւ բնականաբար ճիշդ դասեր չենք քաղեր մեր պատմութենէն։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Անշուշտ մենք մեր պատմութենէն գրեթէ ոչ մէկ դաս քաղած ենք։ Ատոր պատճառներէն մեկն ալ այն է, որ մեր պատմութեան մէջ շատ բաներ դիտաւորեալ խեղաթիւրուած են եւ սխալ ներկայացուած։ Այլ պատճառ մըն է նաեւ այն, որ մօտաւորապէս 800 տարի օտար տիրապետութեան տակ ապրած ենք։ Սկսած Զաքարեան-Երկայնաբազուկ արքաներու տէրութեան անկումէն, մինչեւ 1918ը, իսկ ապա 1921էն մինչեւ 1991, հայ ժողովուրդը եղած է օտար տիրապետութեան տակ (Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութիւնը չհաշուած, որովհետեւ անիկա չէր տարածուեր Հայկական բարձրավանդակի մեծ մասին վրայ)։ Այդպէսով, մեր ժողովուրդին մէջ սեփական ուժերու հանդէպ վստահութիւնը եւ անկախ ապրելու ձգտումը էականօրէն նուազած է։ Բարեբախտաբար, այսօր ունինք 32 տարուան անկախութիւն։ 1375էն յետոյ աննախադէպ է ցաւօք։ Այսօր Հայաստանի մէջ ծնած 2 սերունդներ կան, որոնք չեն գիտեր ինչ կը նշանակէ օտար տիրապետութիւն։ Այս է մեր յենարանը։ Ազգային դաստիարակութիւն, ազգային կրթութիւն, ազգային արժէքներու պահպանում եւ տարածում՝ այսպէս պիտի յարատեւենք։ Իսկ պատմութենէն քաղելու գլխաւոր դասն է՝ հզօր ըլլալ, աւելի հզօր ըլլալ, միշտ հզօր ըլլալ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ խօսք կամ պատգամ կը յղէք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն։
ՄԽԻԹԱՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Ուր որ ալ ըլլանք, խօսինք եւ գրենք հայերէն։ Անպայման յաճախեցէք հայկական դպրոցներ։ Ուր որ ալ գտնուինք, որեւէ հայու հանդիպելով, ընդունինք անոր որպէս եղբայր կամ քոյր, յիշելով Մեծն Նժդեհի խօսքը՝ «Ամէն հայ դա դու ես, ճակատագրի եղբայր է ամէն մի հայ»։ Ձեր բոլոր քայլերու վերջնանպատակը դարձնենք Միացեալ Անկախ Հայաստանի վերակերտումը՝ այսօր ունեցած Հայաստանն ու հայոց բանակը հզօրացնելու հիմքին վրայ։ Չմոռանանք որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն։ Զինուիլ, մարզուիլ եւ գործել հետեւելով արեան կանչին։ Ապրիլ Նժդեհաբար, Դաւիթբէկաբար։ Շատ կարդացէք Գարեգին Նժդեհի գործերը․․․