ԽՄԲ.- Ներկայ թիւով եւ երկշաբաթեայ կշռոյթով կը սկսինք բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի կողմէ յատկապէս «Ասպարէզ»ի համար պատրաստուած բժշկական էջը:
Բժիշկ Հարպոյեան, Մոնթրէալէն, ծանօթ անուն է Սփիւռքի մէջ ոչ միայն իբրեւ մասնագէտ բժիշկ, այլ նաեւ իբրեւ հանրային-հասարակական գործիչ:
Սփիւռքահայ մամուլին համար եւս ան անծանօթ անուն մը չէ: Արդարեւ, անցնող տասնամեակներուն, ան սփիւռքահայ մամուլին աշխատակցած է հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ոչ միայն բժշկական նիւթերու, այլեւ ազգային հնչեղութիւն ունեցող բազմատեսակ հարցերու մասին:
Մարդոց կեանքը չորս հանգրուաններու ամբողջութիւն մըն է. այս հանգրուաններն են՝ մանկութիւն, պատանեկութիւն, երիտասարդութիւն եւ ծերութիւն։
Ծերութիւնը ունի երկու դասակարգում.
Ա.- Հիմնական կամ բնական ծերութիւն
Բ.- Երկրորդական ծերութիւն:
Երկրորդական ծերութիւնը կը յատկանշուի հիւանդութիւններու հետեւանքով յառաջացած որոշ անկարողութիւններով եւ տկարացումներով, ինչպէս նաեւ արկածներու հետեւանքով յառաջացած մարմնական-ֆիզիքական վնասումով եւ կորուստով. այս երկրորդական ծերութիւնը կը հակակշռուի մեր ապրելակերպով, շրջապատով եւ միջավայրով. ան կրնայ սկսիլ որեւէ տարիքի, այսինքն անհատ մը կրնայ ծերանալ 60 տարեկանէն շատ առաջ։
Հոս պիտի խօսիմ հիմնական ծերութեան մասին եւ պիտի գործածեմ «ծերութիւն, ծեր, տարեցութիւն եւ տարեց» բառերը։
Ծերութիւնը հիւանդութիւն մը չէ, այլ ան մեր կեանքի վերջին ժամանակաշրջանն է։
Ծերութիւնը մարդու կեանքի տեւողութեան ընթացքին բնականօրէն տեղի ունեցող բարդ փոփոխութիւններու եւ ինքնագործ ու կամքէ անկախ գործընթացք մըն է. մենք չենք կրնար արգելք հանդիսանալ անոր եւ ան հակակշռուած է ժառանգականութեամբ եւ ծինային կանխաորոշումներով։ Ծերաբաններ (gerontologists) չեն գիտեր եր՞բ եւ կամ ո՞ր տարիքին կը սկսի ծերութիւնը։ Ծերութիւնը շատ մը երկիրներու մէջ կը սկսի հանգստեան կոչուելու տարիքին, այսինքն մարդոց 60-65 տարեկանին. բայց եւ այնպէս ան կրնայ սկսիլ այս տարիքէն շատ կանուխ եւ կամ աւելի ուշ. անոր տեւողութիւնը չէ սահմանափակուած. բոլորս ալ լսած ենք, որ 100 տարկանէն վեր ապրող անձեր կան աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ։ Կիներ ընդհանրապէս 5 տարի աւելի կ՚ապրին, քան տղամարդիկ, ծինային, կենսաբանական, ապրելակերպի եւ միջավայրային ազդակներու բերումով։
Ծերութենէ տարիներ առաջ կը սկսի մարմնի բջիջներու եւ օրկաններու հանգրուանային եւ հետեւողական մաշումը ու փճացումը. սակայն այս մէկը որոշապէս աւելի կը յայտնուի եւ կը զարգանայ ծերութեան ընթացքին։ 70 տարեկան անձ մը կորսնցուցած կ՚ըլլայ մօտաւորապէս իր բջիջներուն 30 տոկոս ը։
Ծերութեան ընթացքին բացայայտօրէն կը զարգանան հետեւեալ փոփոխութիւնները.
Ա.- Կենսաբանական փոփոխութիւններ
1.- Մարմինը կը կորսնցնէ ինքզինք վերանորոգելու կարողութիւնը, նոր բջիջներ չեն կազմուիր եւ մարմնի բոլոր օրկաններու աշխատանքը կը դանդաղի:
2.- Մորթը կը կորսնցնէ իր փափուկութիւնը եւ սահունութիւնը. դէմքին վրայ կը յայտնուին կնճիռներ. մորթը կը ծածկուի գունաւոր կէտերով եւ կը ճեղքրտուի դիւրաւ ու շուտով:
3.- Տեղի կ՚ունենայ հերաթափութիւն եւ մազի ճերմկութիւն:
4.- 80 տարեկան անձ մը կորսնցուցած կ՚ըլլայ իր ուղեղին 7 տոկոս ը։ Ուղեղային բջիջներու կորուստով անհատը կ՚ունենայ մտային դանդաղում եւ մտային կարողութեան տկարացում, ինչպէս նաեւ հարցեր լուծելու, սորվելու, յիշողութեան, մտային կեդրոնացումի եւ տեղեկութիւններ ամբարելու դանդաղում եւ դժուարութիւն:
5.- Սիրտը կը ծաւալի, որովհետեւ սրտի մկանային բջիջները կը փոխարինուին նեարդային (fibrous) հիւսկէններով եւ ճարպով. սրտի այս ծաւալումը ժխտական դերակատարութիւն կ՚ունենայ անոր գործելակերպին վրայ. անոր պրկումները եւ կծկումները կը տկարանան եւ կը դանդաղին: Մարմնի զարկերակները եւ երակները կը հաստնան, կը նեղնան, կը խցուին մասնակի եւ կը կորսնցնեն իրենց առաձգականութիւնը. տեղի կ՚ունենայ զարկերակային գերճնշում։
6.- Թոքերը կը կորսնցնեն իրենց առաձգականութիւնը. անոնց կծկումը, ընդլայնումը եւ օդաւորումը կ՚ըլլայ մասնակի եւ հետեւաբար մարմինը կը ստանայ նուազ թթուածին։
7.- Կը յառաջանայ ոսկրափխրում եւ ոսկորներու փճացում (osteoporosis), որ աւելի կանուխ կը պատահի կիներու մօտ, քան տղամարդոց։
8.- Մկանները կը տկարանան եւ յօդերը կը կարծրանան, որոնք կը յառաջացնեն ոտքի, ձեռքի եւ մատներու շարժումներու նուազում եւ անկարողութիւն, ինչպէս նաեւ քալելու դժուարութիւն։
9.- Մարսողութիւնը կը դանդաղի. աղիքներու կծկումները կը խանգարուին եւ կը յառաջանայ պնդութիւն եւ կամ փորհարութիւն:
10.- Լեարդը կը պզտիկնայ, սակայն եւ այնպէս ան կը պահէ իր աշխատանքի բնական կարողութիւնը:
11.- Լեղուցը կը ծուլանայ եւ հոն կը կազմաւորուին զանազան չափի քարեր մաղձի կուտակումով:
12.- Մարմնի գեղձերը կը պզտիկնան, սակայն անոնք բաւարար ներազդակներ (hormones) կ՚արտադրեն:
13.- Մարմնի դիմադրողականութիւնը կը նուազի դամագեղձի (thymus gland) անհետացումով:
14.- Կիներու մօտ ձուարանները արդէն դադրած կ՚ըլլան ձու արտադրելէ, սկսած կ՚ըլլայ դաշտանադադարը եւ իգական ներազդակներու արտադրութիւնը կը նուազի։ Սակայն դաշտանադադարը, որ 45-50 տարեկանին կը սկսի, երբեք ծերութիւն ըսել չէ:
15.- Տղամարդոց մօտ շագանակագեղձը (prostate gland) կը ծաւալի, որ կրնայ յառաջացնել միզարգելութիւն եւ միզապահութիւն (urinary retention):
16.- Արական ներազդակ Testos-teron-ի, սերմնաբջիջներու եւ սերմնահեղուկի (semen) արտադրութիւնը կը նուազի, սակայն եւ այնպէս տղամարդիկ մինչեւ իրենց կեանքի վերջը կրնան արտադրել բաւականաչափ գործող սերմնաբջիջներ:
17.- Սեռային յարաբերութեան կարողականութիւնը կը տկարանայ եւ կը նուազի:
18.- Հինգ զգայարանքները (լսողութիւն, տեսողութիւն, համ, հոտառութիւն, շօշափելիք) կը տկարանան եւ կը կորսնցնեն իրենց նրբութիւնները. կը յառաջանայ լսողական ծանրութիւն եւ կամ խլութիւն, ինչպէս նաեւ տեսողական տկարութիւն ի մասնաւորի՝ ակնաքօղ (cataract):
19.- Երիկամները կը պզտիկնան եւ անոնց աշխատանքը կը նուազի։ Միզապարկի կծկումները կը տկարանան եւ կը պատահի միզապահութեան անկարողութիւն (urinary incontenance):
20.- Ատամները կը տկարանան, կը պատահին ակռաներու կոտրուածք եւ կորուստ:
Բ.- Հոգեբանական փոփոխութիւններ.
1.- Մղումի աստիճանական տկարացում:
2.- Չղային ու զգացական նոր երեւոյթներ՝ լեցուն յուզումներով եւ ջղագրգիռ ելոյթներով:
3.- Շատախօսութիւն եւ կամ սակաւախօսութիւն:
4.- Անվստահութիւն՝ անձնական մտային եւ մարմնական կարողականութեան նկատմամբ:
5.- Մտահոգութիւն՝ առողջութեան առնչութեամբ եւ վախ ապագայի եւ կեանքի վերջաւորութեան նկատմամբ:
6.- Հպարտութիւն՝ իրենց անցեալով, իրագործումներով եւ փորձառութեամբ:
7.- Պահպանողականութիւն՝ հեռաւոր անցեալի իրենց ծանօթ հարցերուն եւ կրկին ու կրկին արտայայտութիւն ու խօսակցութիւն՝ անցեալի դրուագներու մասին:
8.- Անտեսում՝ ներկայի եւ ժխտում ու մերժում՝ նոր գաղափարներու:
9.- Խուսափում՝ ապագայի գաղափարէն եւ կեանքի վերջակէտէն՝ մահէն:
10.- Մտահոգութիւն իրենց առողջական, ֆիզիքական եւ սեռային յարաբերութեան կարողականութեան վայրէջքէն:
11.- Լուրջ հետաքրքրութիւն եւ մտահոգութիւն՝ իրենց մարմնական բոլոր գործարաններու կարողականութեան:
Գ.- Ընկերային փոփոխութիւններ.
1.- Ընկերային կեանքէ հեռացում եւ փախուստ. ընկերային կեանքը կը նկատուի անհրապուրիչ, դժուար, ձանձրացուցիչ եւ հոգնեցուցիչ:
2.- Երիտասարդներու հանդէպ անվստահութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն, մանաւանդ անոնց ապրելակերպին, մտածելակերպին եւ գործելու ձեւին:
3.- Համբերութեան կարողութեան նուազում եւ կամ կորուստ:
4.- Փոքրիկներու ձայներու եւ խաղերու անհանդուրժողականութիւն:
5. Նախընտրութիւն մենակեացութեան եւ առանձնութեան:
Դ.- Կատարողական փոփոխութիւններ.
1.- Դանդաղ, հանդարտ եւ երբեմն անբնական մարմնական շարժումներ եւ քալուածք:
2.- Մարմնի հաւասարակշռութեան վատթարացում եւ գլխապտոյտ:
3.- Մատներու նուրբ շարժումներու եւ գործողութիւններու տկարացում:
4.- Արագ հոգնութիւն եւ ուժասպառութիւն:
5.- Անքնութիւն եւ կամ երկար քունի պահանջք:
Այս փոփոխութիւնները բոլորը միեւնոյն չափով, զօրութեամբ եւ տարողութեամբ եւ նոյն տարիքին տեղի չեն ունենար բոլոր մարդոց մօտ։
Ինչպէս յիշուեցաւ վերը, ծերութիւնը եւ կամ տարեցութիւնը կեանքի բնական հոլովոյթի ընթացք մըն է, ուր կը պատահին զանազան մակարդակներու վրայ շատ մը փոփոխութիւններ։ Մենք կրնանք լուծումներ գտնել կարգ մը փոփոխութիւններու պարագային, ինչպէս՝ լսողական եւ տեսողական տկարութեան, հերաթափութեան եւ դէմքի կնճիռներուն։ Մենք չենք կրնար փոխել ծերութեան բնական ընթացքը, սակայն կրնանք արգելք հանդիսանալ անոր արագ յառաջխաղացքին՝ ուշադիր ըլլալով հետեւեալ թելադրութիւններուն.
1.- Ուտել հաւասարակշռուած սննդականոնով կերակուրներ, որոնք պարունակելու են բաւարար քանակութեամբ սպիտակուցներ (protein) եւ ածխաջրատներ (carbohydrate), նուազագոյն քանակութեամբ ճարպ եւ առատ կաթնեղէն, պտուղ ու կանաչեղէն:
2.- Օրական ուտել նուազագոյնը երեք անգամ. առաւօտուն եւ կէսօրին ուտել լաւ, իսկ երեկոյեան ուտել աւելի նուազ:
3.- Աղ քիչ գործածել, խմել առատ ջուր եւ հեռու մնալ շաքար պարունակող զանազան տեսակի զովացուցիչ խմիչքներէ:
4.- Բնաւ չծխել եւ կամ ծխել նուազագոյնը:
5.- Նուազագոյն չափով ալքոլ գործածել. քիչ քանակութեամբ գործածուած ալքոլը օգտակար է:
6.- Հեռու մնալ շատակերութենէ, չունենալ ճարպակալում-գիրութիւն:
7.- Քալել եւ կամ ունենալ օրինաւոր մարմնամարզանք, օրական նուազագոյնը 30 վայրկեան եւ շաբաթը երեք օր. սակայն որեւէ մարզանք կիրարկելու համար տարեցներ առնելու են հետեւեալ նախազգուշութիւնները՝ դիմել բժիշկին եւ առնել անոր թելադրութիւնները, ջերմ ունենալու պարագային մարզանք չընել, բնական պայմաններու մէջ նախ 5-10 վայրկեան մարմինը տաքցնել, մարզանքի ընթացքին գաւաթ մը ջուր խմել, մարզանքէն անմիջապէս ետք պաղ լոգանք չառնել, իսկ մարզանքի ընթացքին զգացուած կուրծքի ցաւը շուտով իմացնել բժիշկին։
8.- Զգուշանալ արեւի ճառագայթէն. արեւոտ օրերուն գլխարկ եւ ակնոց գործածել:
9.- Ուշադիր ըլլալ մարմնի, ոտքերու եւ եղունգներու մաքրութեան. լոգնալ ամէն օր:
10.- Գործածել հանգստաւէտ հագուստներ եւ կօշիկներ:
11.- Հեու մնալ աղմկարար եւ ապականած միջավայրէ
12.- Քնանալ օրական նուազագոյնը 8 ժամ:
13.- Գործածել որոշ կենսանիւթեր:
14.- Այցելել ընտանեկան բժիշկին տարին նուազագոյնը մէկ անգամ՝ բժշկական ընդհանուր քննութեան համար:
15.- Հետեւիլ դարմանող բժիշկին թելադրութիւններուն ճշգրտօրէն եւ գործածել տրուած դեղերը այնպէս, ինչպէս յանձնարարուած է:
16.- Ունենալ ամէնօրեայ մտային մարզանք՝ կարդալ, գրել եւ օգտագործել լսողատեսողական սարքերու օգտաշատ յայտագիրները:
17.- Ըլլալ միշտ զբաղած. հանգստեան կոչուելէ ետք շուտով կեանքի նոր ուղեգիծ որդեգրել. օրուան ժամերը ծրագրուած ձեւով օգտագործել. մասնակցիլ կամաւոր աշխատանքներու։
18.- Ունենալ ընկերային կեանք՝ մասնակից դառնալ ընկերային, ազգային, մշակութային, կրօնական-եկեղեցական եւ այլ տեսակի ձեռնարկներու:
19.- Յարգել քաղաքացիական բոլոր օրէնքները եւ մանաւանդ ինքնաշարժ վարելու օրէնքները:
20.- Գոհանալ եւ բաւարարուիլ Աստուծոյ պարգեւած կեանքով եւ բարիքներով:
21.- Ըլլալ իրատես եւ շրջահայեաց. փոխանցել նոր սերունդին անցեալի փորձառութիւնները:
22.- Ըլլալ համբերատար եւ գիտնալ մտիկ ընել եւ յարգել բոլոր տարիքի խօսակիցները, գործակցիլ երիտասարդութեան հետ:
23.- Գնահատել զաւակներու եւ հարազատներու խնամատարական հոգատարութիւնը եւ նուիրումը:
24.- Չմերժել եւ ընդունիլ նորը, միաձուլել հինը նորին հետ եւ կապել անցեալը ապագային:
25.- Վայելել բնութեան գեղեցկութիւնները՝ զբօսնիլ անտառներու, պարտէզներու եւ լեռներու մէջ:
26.- Ներդաշնակել զգացական եւ հոգեկան ապրելակերպը ֆիզիքական եւ մարմնական կարողականութեան հետ:
26.- Ունենալ բնականոն սեռային կեանք եւ յարաբերութիւն՝ կարողութեան սահմաններու մէջ:
27.- Ապրիլ միշտ ուրախ՝ խնդալով, սիրելով եւ զգացումով. չգանգատիլ ծերութենէ:
28.- Ըլլալ կոկիկ, ներկայանալի եւ վայելուչ:
Տարեցներուն ուղղուած գործնական քանի մը թելադրութիւններ կը նկատեմ կարեւոր՝
1.- Անկողինէն անակնկալօրէն ոտքի չելլել:
2.- Անակնկալ եւ արագ գլխու շարժումներ չընել:
3.- Ծռելով գետնէն բան մը չվերցնել, այլ մարմինը ուղղահայեաց վիճակի մէջ ծունկի շարժումով:
4.- Ականջը ուշադրութեամբ մաքրել:
5.- Ոտքի մատներու եղունգները շատ կարճ եւ խորունկ չկտրել:
6.- Առանց բժիշկի թելադրութեան դեղ չգործածել:
7.- Դեղերը օրինաւոր կերպով գործածել:
8.- Ամէն տարի աչքի քննութեան ենթարկուիլ:
9.- Մարմնական անբնական որեւէ երեւոյթի պարագային, ի մասնաւորի՝ սեւ եւ կամ մոխրագոյն կղկղանք, կարմրագոյն մեզ եւ արիւնոտ խուխ, շուտով իմացնել բժիշկին:
10.- Ամէն օր առաւօտուն պզտիկ թղթիկի մը վրայ գրել կատարուելիք աշխատանքները, այցելութիւնները եւ կամ գնումները. մոռցայ չըսել:
11.- Դրամապանակին մէջ թղթիկի մը վրայ գրել անձնանունը, տան հեռաձայնի թիւը եւ հասցէն, հարազատի մը անունը եւ անոր հեռաձայնի թիւը, ինչպէս նաեւ գործածուած դեղերու անունները:
Մոնթրէալ