Արեւմուտքը աշխատանք կը տանի հայերը համոզելու, որ ռուսերը հեռացնեն Հայաստանէն, հարցազրոյցի մը ընթացքին պնդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Այս մասին կը գրէ «Ազատութիւն»ը։
«Ես տեղեակ եմ, մենք ունինք նման տեղեկատուութիւն, որ Միացեալ Նահանգներն ու դաշնակիցները հայերուն պատգամներ կ՛ուղարկէ` եկէք մեր մօտ, հեռացուցէք ռուսերը ձեր տարածքէն, եւ սահմանապահները եւս, ռազմակայանը հանեցէք, մենք պիտի օգնենք երաշխաւորելու ձեր ապահովութիւնը», ըսաւ Լաւրով` Արեւմուտքի գործողութիւնները որակելով «բացայայտ սադրանք»:
Ան յոյս յայտնեց, որ ժամանակակից քաղաքական գործիչները դասեր կը քաղեն պատմութենէն, մասնաւորապէս այն փաստէն, որ ինչպէս կը զարգանան յարաբերութիւնները գերիշխողին հետ, որ կ՛ուզէ ինքզինք պարտադրել բոլորին, նշելով. «Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս Արեւմուտքը ինքզինք կը պահէ անոնց հետ, որոնց վրայ նախապէս ինչ-որ խաղ կատարած է»:
Լաւրովի այս յայտարարութիւնները մեկնաբանելու խնդրանքով «Ազատութիւն»ը դիմեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, որ չարձագանգեց։
Հայ-ատրպէյճանական պրիւքսէլեան բանակցութիւններէն ետք Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ յայտարարեց` Եւրոպական Միութիւնը չունի թաքնուած օրակարգ եւ իրենց նպատակը Հայաստանին ու Ատրպէյճանին օգնելն է` հասնելու համապարփակ ու արդար խաղաղութեան:
Արեւմուտքի մասին Լաւրովի այս մեղադրանքները կը նախորդեն Ուրբաթ օր Մոսկուայի միջնորդութեամբ կայանալիք արտաքին գործոց նախարարներու հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններուն, կը յաջորդեն Հայաստանի իշխանութեան ներկայացուցիչներու վերջին օրերու յայտարարութիւններուն, որոնց համաձայն, Երեւանի մէջ ՀԱՊԿէն դուրս գալու քննարկումներ եղած են` վարչապետին ղեկավարութեամբ կայացած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին: «Այս պահին, սակայն, հայաստանցի պաշտօնեաները հաւաստիացնում են` ՀԱՊԿից դուրս գալու հարց օրակարգում չկայ», կը գրէ «Ազատութիւն»ը։
Կազմակերպութիւնը լքելու քննարկումը, ըստ արտաքին գործոց փոխնախարարին, յաջորդեց նախորդ տարուան ատրպէյճանական սեպտեմբերեան յարձակման, երբ Հայաստանը դաշինքի գործընկերներէն կ՛ակնկարէր ռազմական օգնութիւն, զոր չստացաւ: Ապա Երեւան առկախեց ՀԱՊԿի առաջարկը` դիտորդական առաքելութիւն տեղակայել հայ-ատրպէյճանական սահմանին` արժանանալով Մոսկուայի քննադատութեան, թէ դիտորդներու հարցին մէջ ՀԱՊԿի փոխարէն Հայաստան նախապատուութիւնը տուած է Եւրոպական Միութեան:
Երեւանի մինչեւ այսօր հնչող պահանջն է` տեղակայումէն առաջ նախ քաղաքական գնահատական տալ ատրպէյճանական յարձակումին:
Հայաստան իր դժգոհութիւնները նաեւ գործնականօրէն արտայայտեց, երբ կառավարութիւնը չեղարկեց Հայաստանի մէջ ծրագրուած ՀԱՊԿի զօրավարժութիւնները եւ հրաժարեցաւ Ռուսիոյ գլխաւորած ռազմական դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալի իր պաշտօնէն։
Լաւրովը այն կարծիքին է, թէ սահմանային վիճակը այսօրուընէ աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ կազմակերպութեան դիտորդները տեղակայուէին Հայաստանի մէջ:
«2022ի աշնան` կազմակերպութեան Երեւանի մէջ կայանալիք գագաթնաժողովին ընդառաջ, մշակուած էր փաստաթուղթ մը, որով մեր հայ դաշնակիցներուն խնդրանքով կը նախատեսուէր հայկական տարածքին մէջ ՀԱՊԿի դիտորդական առաքելութիւն տեղակայել: Փաստաթուղթը ամբողջութեամբ համաձայնեցուած էր արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: Հետագային, վերջին պահուն` գագաթնաժողովի ընթացքին, մեր հայ բարեկամները խնդրեցին յետաձգել անոր ընդունումը: Եթէ Երեւանը հաստատէր այն, ինչ որ արդէն իսկ համաձայնեցուած էր եւ պատրաստ էր ստորագրութեան, ես համոզուած եմ` Հայաստան շահեկան դիրքի մէջ կը յայտնուէր եւ աւելի կայուն վիճակ կ՛ունենար», պնդեց Լաւրով` ընդգծելով, որ այդ նախագիծը կը շարունակէ մնալ թուղթի վրայ եւ պատրաստ է կեանքի կոչուելու:
Մայիս 16ին, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը ըսաւ, թէ ՀԱՊԿի անդամ երկիրներուն միջեւ քննարկումները կը շարունակուին:
ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Մոսկուայի մէջ, 19 Մայիսին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպումը: Բացի ատկէ, պիտի կայանան նաեւ առանձին բանակցութիւններ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ին՝ այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա, որ նշեց, թէ անջատ հանդիպումներուն առանցքը պիտի կազմեն հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները՝ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ։