Իլինոյի Կրենիթ Սիթի քաղաքին քաղաքապետական խորհուրդը Ապրիլ 18ին հաստատեց այդ քաղաքին եւ Արցախի Հանրապետութեան Աշան քաղաքին միջեւ գոյացած՝ «Բարեկամ Քաղաքներ» դառնալու հռչակագիրը, կը հաղորդէ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Կրենիթ Սիթիի քաղաքապետ Մայք Փարքինսընի առաջադրած այս գործակցութիւնը ամուր հիմերու վրայ պիտի դնէ երկու հեռաւոր քաղաքներուն միջեւ բազմամակարդակ եւ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու ջանքերը, նպատակ ունենալով զօրակցիլ Աշանի տնտեսական կայունութեան եւ մշակութային հարստութեանց պահպանութեան, ինչ որ յոյժ կարեւոր է այս օրերուն, երբ Արցախը պաշարուած կը մնայ։
Համաձայնութեան իրականացման մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցաւ Հարաւային Իլինոյի եւ Կրենիթ Սիթիի Հայ Դատի յանձնախումբերը։