Միասնական հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար Սամուէլ Բաբայեանի մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ 16 Մայիսին տեղի ունեցաւ Բաբայեանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հանդիպումը: Հակառակ ակնկալութեանց, Յարութիւնեան Բաբայեանին պետական նախարար նշանակելու պահանջը չէ քննարկած:
Փոխարէնը, ըստ մամլոյ ծառայութեան, նախագահը առաջարկած է Բաբայեանին՝ «անդամակցել հերթական «ամորֆ» (անձեւ) խորհրդակցական միացեալ մարմնին», որուն նպատակը եւ գործառոյթները, ինչպէս կը պնդեն, յստակ չեն՝ նոյնիսկ Արայիկ Յարութիւնեանին համար: Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակը 17 Մայիսին հաստատեց հանդիպման փաստը:
Յիշեցնենք, որ 15 Մայիսին Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանը հանրահաւաք կազմակերպեց՝ զինք Արցախի պետական նախարար նշանակելու պահանջով: Նոյն օրը Ա. Յարութիւնեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրեց, որ պատրաստ է քննարկումներու, սակայն, փաստօրէն, հանդիպումին ընթացքին այս մասին չէ խօսած։
«Ազատութիւն»ը կը գրէ, թէ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ընեն Բաբայեանն ու անոր ղեկավարած Միասնական հայրենիք կուսակցութիւնը՝ մամուլի ծառայութենէն յայտնեցին, որ Բաբայեան առայժմ տասնօրեայ դադար առաւ եւ բողոքի ցոյցեր պիտի չկազմակերպէ․ փոխարէնը, ան ընդունած է քաղաքական խորհրդակցութիւններու մասնակցելու նախագահին առաջարկը:
Պատճառը, ըստ Բաբայեանի մամլոյ ծառայութեան, հասարակական եւ քաղաքական ցնցումներէ խուսափիլն է, քանի որ, ինչպէս պնդեցին, «Մայիսի 15ին Ստեփանկերտի Վերածննդի հրապարակում տեղի ունեցած հանրահաւաքի ժամանակ հրապարակի անմիջական հարեւանութեամբ իշխանութիւնը կենտրոնացրել էր ոստիկանական ուժեր, հրշէջ-ջրցան մեքենաներ, ինչպէս նաեւ յատուկ ջոկատայիններ»:
Ըստ մամլոյ ծառայութեան՝ նախագահ Յարութիւնեանի հետ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին բացառապէս Բաբայեանը պետական նախարար նշանակելու հանրային պահանջի օրակարգով:
Մինչ Յարութիւնեան քննարկումներ կը կատարէ Բաբայեանի հետ, Արցախի ընդդիմութիւնը նախագահը կը մեղադրէ թոյլ ըլլալու եւ ճնշումներու տակ պաշտօններ բաժնելու յանցանքով: Ընդդիմադիր «Արդարութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Գալստեան դիտել տուաւ, որ եթէ ճնշումը մեծ ըլլայ, Յարութիւնեան ի հարկէ Բաբայեանը պետական նախարար պիտի նշանակէ. «Տեսել ենք, որ երեք հոգով, տասը հոգով ճնշում են գործադրում եւ տարբեր պաշտօններ են ստանում: Դա խօսում է թոյլ իշխանութեան մասին»:
Ընդդիմադիր գործիչին համաձայն՝ Բաբայեան այժմ «աւելի շատ հանրային աջակցութիւն ունի, քան հանրային ճնշումների տակ ստացած նախորդ պաշտօնեաները»:
Արցախի խորհրդարանի Դաշնակցութիւն խմբկացութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան ճիշդ չի նկատեր մարդիկ փողոց հանելով պաշտօն պահանջելը. «Դա Արայիկ Յարութիւնեանի սխալ քաղաքականութեան արդիւնքն ա: Նմանատիպ նախադէպեր ստեղծել է, եւ մարդիկ մտածում են, որ դա ա միակ ձեւը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք պետական նախարար փոխելու հանրային պահանջ կա՞յ՝ Մոսիյեան ըսաւ. «Կայ հանրային պահանջ Արցախի իշխանութիւնները` Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ, փոխելու»:
Քաղաքական տարբեր ուժեր եւ հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին ընդդիմադիր «Արդարութիւն»ն ու «Դաշնակցութիւն»ը, որոնք Արցախի փրկութեան ճակատ ձեւաւորած են, մամլոյ ասուլիսի հրաւիրած են՝ անդրադառնալով Արցախի ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու իրենց ծրագիրին:
Գալստեան փակագիծեր չբացաւ, միայն ըսաւ, թէ չեն կրնար լուռ նստիլ ու դիտել, թէ ինչպէ՛ս «Փաշինեանը Արցախը յանձնում է»։ «Հասկանալի է, որ նա Գերագոյն խորհրդի որոշումը ոտնահարելով ինչ-որ քայլեր է անում, որը հակասում է Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեանը: Եւ դրա համար, իմ խորին համոզմամբ, օրէնքի ամբողջ խստութեամբ պատասխանատուութիւն է կրելու», ըսաւ ան:
Մոսիյեանի համաձայն՝ երբ Հայաստանի վարչապետը կը յայտարարէ, որ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի 86,600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը, որուն մէջ կը մտնէ նաեւ նախկին ԼՂԻՄը, Արցախը կը զրկէ ինքնորոշման իրաւունքէն։ «Փաշինեանը փաստօրէն միտումնաւոր կամ չգիտակցուած ձեւով խաչ է քաշում Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի վրայ, որի իրաւունքը նա չունի»:
Երեւան տակաւին ուղղակի չյայտարարեց, որ Արցախը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, բայց վարչապետ Փաշինեան 17 Մայիսին հաստատեց, որ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի 86,600 քառակուսի քիլոմեթր տարածքը: