ԱՃԷՄՕՂԼՈՒ ՄՏԱՀՈԳ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՊԱԳԱՅՈՎ
ՊՈԼԻՍ, «Ակօս»․- Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտին, խորհրդարանը ունեցաւ հայ ծագումով նոր պատգամաւոր մը՝ բժիշկ Սեւան Սըվաճըօղլու։
Ան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շարքերէն առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը, Պոլսոյ երկրորդ ընտրաշրջանէն։

Միւս կողմէ, աշխարհահռչակ տնտեսագէտ Տարօն Աճէմօղլու մեկնաբանեց վերջին ընտրութիւններուն արդիւնքները, շեշտելով, որ անոնք ցոյց կու տան, որ թուրք ընտրողները աւելի ազգայնական դարձած են։ «Նախագահը եւ գործընկերները լրատուամիջոցները ամբողջութեամբ հսկելով, հրահրեցին ազգայնականութիւնը եւ ընդդիմադիրները մեղադրեցին քիւրտ անջատողականներու հետ համագործակցել յանցանքով», կը գրէ ան, աւելցնելով, որ Քըլըճտարօղլուի ալեւի ծագումը ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ անոր ապահոված արդիւնքներուն վրայ։
«Տնտեսութեան սխալ ղեկավարումը եւ զեղծարարութիւնները իմ կանխատեսածէն աւելի նուազ նշանակութիւն ունեցան։ Ամենացնցիչ երեւոյթը Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրած յաջողութիւնն է երկրաշարժէն տուժած շրջաններուն մէջ։ Այս բոլորը թրքական հաստատութիւններու ապագային հանդէպ մտահոգիչ ազդանշաններ են։ Դատական համակարգը եւ գործադիր իշխանութիւնները կորսնցուցած են իրենց անկախութիւնը։ Տնտեսական ճգնաժամի դէմ պայքարը ստանձնելու կարող շատ քիչ մարդ կայ եւ հաւանաբար զեղծարարութիւնները պիտի շարունակուին։ Մտահոգ եմ տնտեսութեան եւ ժողովրդավարութեան ապագայով», կ՛եզրակացնէ ան։