
Կիրակի, 30 Ապրիլի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կարմիր Կիրակիի առիթով, Ս. պատարագ մատոյց, կատարեց սրբապատկերի օծում եւ քարոզեց Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան եւ նախկին հովիւներէն Հրանդ Ա. քհնյ. Երէցեան, սարկաւագներ, ուրարակիրներ եւ դպիրներ: Սրբազան արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, համայնքային ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Յընթացս պատարագի, առաջնորդ սրբազանը Ս. միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ նուիրուած Ս. Գէորգ զօրավարի սրբապատկերը:
Իր պատգամին մէջ, Թորգոմ եպիսկոպոսը վեր առաւ Կարմիր Կիրակիի խորհուրդը եւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ նախ Ս. Գէորգ զօրավարի կեանքին ու հաւատքին մասին՝ թելադրելով, որ Ս. Գէորգի հաւատքը եւ Քրիստոսի նկատմամբ անքակտելի կապուածութիւնը ըլլան օրինակելի ուղեցոյց իւրաքանչիւր հաւատացեալի համար: Այնուհետեւ՝ ընդարձակելով օրուան խորհուրդին բաղադրիչները, առաջնորդ սրբազանը յիշեցուց, որ քրիստոնէութիւնը աշխարհով մէկ չտարածուեցաւ դիւրին միջոցներով, այլ նախնական եկեղեցւոյ քրիստոնեաները, ի գին իրենց արեան, ընդունեցին Քրիստոսի վարդապետութիւնը, վկայեցին անոր մասին, զայն ապրեցան իրենց բոլոր բջիջներով եւ նահատակուեցան յանուն անոր ընձիւղման ու տարածման:
Իր խօսքի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատանքով դրուատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի ընդհանրապէս հովուական ծառայութիւնը եւ մասնաւորաբար ուսումնատենչութիւնը, որուն պսակումը հանդիսացաւ երիտասարդ քահանային՝ Հովուական Աստուածաբանութեան մէջ դոկտորական տիտղոսին արժանանալը, ապա, այս առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոսի անուան փորագիր սկզբնատառերը կրող իւրայատուկ գրիչ մը նուիրեց տէր հօր՝ ի խնդակցութիւն անոր արձանագրած նուաճումին եւ յանձնառութիւններու վերանորոգում մաղթեց կրթական եւ հովուական կեանքին մէջ:
