Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 27 Ապրիլին ընդունեց Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի նորանշանակ հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Ալեքսանտր Լենցովը:
Ըստ Արցախի նախագահի աշխատակազմին՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութեան, Արցախի ապաշրջափակման, Լաչինի միջանցքի դրութեան պահպանման եւ կենսական ենթակառուցուածքներու բնականոն գործունէութեան երաշխաւորման վերաբերող հարցեր:
Յարութիւնեան փոխանցեց Արցախի իշխանութիւններուն ակնկալութիւնը Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմէն, որ սեղմ ժամկէտի մը մէջ պիտի երաշխաւորուի Արցախ-Հայաստան երկկողմ հաղորդակցութեան բոլոր խոչընդոտներու վերացումը եւ ապահովութիւնը՝ եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն համապատասխան:
Արցախի նախագահը ընդգծեց, որ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակին մէջ կարեւոր է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի դերը Արցախի ժողովուրդի ապահովութեան եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան երաշխաւորման առումով: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու անշեղ կատարման անհրաժեշտութիւնը: