Հակարիի կամուրջին վրայ ատրպէյճանական անցակէտի տեղադրումէն 5 օր ետք, Հայաստանի վարչապետը հրապարակաւ անդրադարձաւ այս հարցին: «Ադրբեջանը շարունակաբար սրում է իրադրութիւնը տարածաշրջանում՝ այս անգամ ապօրինի կերպով հսկիչ անցագրային կէտ տեղադրելով Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող Լաչինի միջանցքում: Եթէ մինչեւ հիմա Լաչինի միջանցքը փակ էր կեղծ բնապահպանական ակցիայի (շարժումի) պատրուակով, հիմա արդէն պաշտօնապէս փակուել է Ադրբեջանի կողմից«, ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով. «Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբը պէտք է վերահսկողութեան տակ պահի Լաչինի միջանցքը եւ այսպիսով ապահովի միջանցքի բնականոն գործունէութիւնը: Այսինքն՝ բացի Ռուսաստանի Դաշնութիւնից որեւէ մէկը Լաչինի միջանցքում վերահսկողութիւն չպէտք է իրականացնի: Ադրբեջանն էլ չպէտք է խոչընդոտի միջանցքով ազատ երթեւեկութիւնը: Սա ճշգրիտ այն է, ինչ նախատեսուած է 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ»:
Ներկայացնելով իրադրութեան կարգաւորման վերաբերեալ հայկական կողմին դիրքորոշումը՝ Փաշինեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ Արցախի հայութեան իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պէտք է դառնան Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններու առարկայ՝ միջազգային չափանիշով: Վարչապետը նաեւ անհրաժեշտ համարեց Լաչինի միջանցքը եւ Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային փաստահաւաք հրատապ առաքելութեան գործուղումը:
«Ադրբեջանի ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղը վերածելու հայութեան նոր կառափնարանի պէտք է կասեցուեն, եւ դրա միակ յուսալի ճանապարհը միջազգային լայն մանդատ (յանձնարարութիւն) կրող ներկայացուցիչների ներկայութիւնն է Լեռնային Ղարաբաղում», ըսաւ Փաշինեան:
Արձագանգելով Փաշինեանի յայտարարութեան՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, թէ բոլորովին սխալ է ճամբու փակում նկատել սահմանային ելեւմուտքի դրութիւնը կարգաւորող անցակէտի տեղադրումը: «Հակառակ վարչապետին պնդումներուն, ըստ եռակողմ յայտարարութեան, Ատրպէյճան իրաւասութիւն եւ ինքնիշխան իրաւունք ունի Լաչինի ճամբուն վրայ եւ իր պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ երաշխաւորելու Լաչինի ճամբով փոխադրուող քաղաքացիներու, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ բեռներու ապահովութիւնը եւ պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ իրականացնել համապատասխան միջոցներ», կը պնդէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին խօսեցաւ ստեղծուած վիճակին մասին եւ դիտել տուաւ, որ ռուսական խաղաղապահներու զօրակազմի միջոցով, ինչպէս նաեւ քաղաքական մակարդակով անհրաժեշտ ջանքեր ի գործ կը դրուին Լաչինի միջանցքին շուրջ իրավիճակը կարգաւորելու եւ 2020ի Նոյեմբեր 9ի եռակողմ համաձայնութիւններու հուն վերադառնալու համար:
ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԿԸ ՊՆԴԷ, ՈՐ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ՌՈՒՍԻՈՅ
Հակարիի կամուրջին վրայ ատրպէյճանական անցակէտի տեղադրման անդրադարձաւ նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարԱրմէն Գրիգորեան: Ան պնդեց, որ Լաչինի միջանցքը ամբողջութեամբ կը պատկանի Ռուսիոյ, հետեւաբար ինքնին Ռուսիան է, որ պէտք է ճամբան բանալու հարցը լուծէ:
Յիշեցնենք, որ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Լաչինի միջանցքը՝ 5 քիլոմեթր լայնութեամբ, որ կ՛ապահովէ Արցախի կապը Հայաստանի հետ եւ նոյն ժամանակ պիտի շրջանցնէ Շուշի քաղաքը, կը մնայ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան տակ: Բայց յայտարարութեան մէջ որեւէ խօսք չկայ, որ միջանցքը կը պատկանի Ռուսիոյ:
«Շատ յստակ է, որ Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեամբ Լաչինի միջանցքը պատկանում է Ռուսաստանի Դաշնութեանը եւ այնտեղ գտնւում են ռուս խաղաղապահները, պատկանում է, որովհետեւ Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեամբ, Ադրբեջանի ստորագրութեամբ Լաչինի միջանցքն ամբողջովին յանձնուել է Ռուսաստանի Դաշնութեանը», յայտնեց Գրիգորեան:
Ան նաեւ պնդեց, որ եթէ Լաչինի միջանցքը բանալու բանակցութիւնները արդիւնք չեն տար, ուրեմն ռուսերը պէտք է քայլերու դիմեն: Գրիգորեան չմանրամասնեց, թէ յստակ ի՛նչ գործողութիւններ կ՛ակնկալուին խաղաղապահ զօրակազմէն, որ մինչեւ օրս գործունէութեան յանձնարարութիւն չունի:
«Եթէ հնարաւոր է բանակցութիւններով լուծել, բնականաբար, բոլորս էլ երջանիկ կը լինենք, բոլորն էլ ուզում են դիւանագիտութեան շնորհիւ, այսինքն, խօսելու շնորհիւ հարցեր լուծել, իսկ եթէ չեն լուծւում այդ ճանապարհով հարցերը, պէտք է գործողութիւններ հետեւեն», յայտնեց Գրիգորեան: