
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՍՐՏԱԲԱՆ ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆԻ ՀԵՏ
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
Սրտաբան («առիթմոլոգ», «ելեկտրոֆիզիոլոգ») եւ բժշկական գիտութիւններու թեկնածու Արփի Թոփչեան նաեւ «Բերդ» կրթական, ռազմահայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր անդամ է ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Բազմաթիւ վերլուծաբաններ Հայաստանի այսօրուան դէպքերը կը համեմատեն 1920-21ի իրադարձութիւններուն հետ։ Որքանո՞վ իրաւացի են անոնք եւ որոնք են, ըստ ձեզի, այդ զուգահեռները։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Ես համամիտ եմ, որ այսօրուայ իրավիճակը բազմաթիւ ընդհանրութիւններ ունի 1920-21ի իրադարձութիւններուն հետ, բայց արտաքին նմանութիւնները այդքանով կ՛աւարտին։ Արցախեան առաջին պատերազմի հայոց յաղթանակը Մոսկուայի պայմանագրով որոշուած տարածաշրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութենէն դուրս էր, ուստի 1994ին յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին, Ռուսիոյ իշխանութիւնները եւ անոնց դրածոյ հայաստանեան վարչախումբերը ամէն ինչ ըրին զայն փոշիացնելու եւ Մոսկուայի պայմանագիրի կիրարկումը խախտած հիմքերը վերականգնելու համար։ Խորհրդանշական է, որ 2020ին Հայաստանի դէմ պատերազմը սկսաւ Սեպտեմբերի 27ին՝ ուղիղ հարիւր տարի ետք այն օրէն, երբ քեմալական Թուրքիան, պոլշեւիկեան Ռուսիոյ աջակցութեամբ, վճռական մեծածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան դէմ, որու հետեւանքով Հայաստանը կիսուեցաւ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Նոյնին ականատես եղանք արդէն 2020ին, երբ ռուս-թուրքական միացեալ գործողութեան պատճառով տեղի ունեցաւ հայութեան հայրենիքէն Արցախի կիսումը, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ։ Այդքանով զուգահեռները կ՛աւարտին։ Այսօր, ի տարբերութիւն հարիւր տարի առաջուայ, ռուս-թուրքական լծակից զոյգի կողմէ դրուած է հայկական գործօնի վերջնական չէզոքացման հարցը, որու հետ արեւմտեան որոշ շրջանակներ համաձայն չեն։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ատրպէյճանի նպատակը Արցախի վերջնական հայաթափումն է։ Պատմական ի՞նչ հիմքեր կան, որոնք միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն հայանպաստ եւ արդար լուծումներու կրնան յանգեցնել։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Ատրպէյճանը միջանկեալ գործիք է ռուսերու եւ թուրքերու ձեռքը եւ զայն կ՛օգտագործեն Արցախի աստիճանական հայաթափման համար։ Միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն մենք բաւարար հիմքեր եւ նախադրեալներ ունինք այդ մէկը թոյլ չտալու համար։ Միջազգային իրաւունքի մասնագէտները կը հաստատեն, որ հայանպաստ եւ արդար լուծումներու հնարաւորութիւնները բազմաթիւ են, անկախ այն իրողութենէն, թէ որ կէտէն կը դիտարկենք Արցախի խնդիրի լուծումը. Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան իրաւայաջորդութիւն, Քաղբիւրոյի Յուլիս 5ի վճիռի (Արցախը Ատրպէյճանին բռնակցելու որոշում) անօրինականութիւն, վարչատարածքային սահմաններու շարունակականութեան պարտադիր չափանիշերու բացակայութիւն միջազգային իրաւունքի ծիրէն ներս, Արցախի քաղաքական հիմնախնդիրի առկայութեան ամրագրում միջազգային կառոյցներու կողմէ եւայլն։ Հայանպաստ լուծումներու հնարաւորութիւնները կան, բայց բացակայ է եւ հիմա ալ չկան այդ լուծումներուն հասնելու համար անհրաժեշտ ամէնակարեւոր բանը՝ քաղաքական կամքը եւ նպատակներու յստակ ձեւակերպումը։ Ճիշդ այս պատճառով, տարիներ շարունակ մեր իշխանութիւնները խաբած են հայ հանրութեան։ Ամէնացցուն օրինակը, որ տարիներ շարունակ մեր գիտակցութեան մէջ է գամուած է, թէ ԽՍՀՄի վարչատարածքային միաւորները պետական սահմաններ են եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, դառնալով ՄԱԿի անդամ, իբրեւ թէ ճանչցած է այդ սահմանները։ Միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն այդ մէկը լիովին անհիմն է, որովհետեւ ՄԱԿը երկիրների սահմանները որոշելու գործառոյթ չունի։ Մեր հանրային-քաղաքական դաշտին մէջ տարածուած եւ գիտակցութեան մէջ մեխուած նման ատրպէյճանամէտ կեղծ թէզերը բազմաթիւ են։ Ուստի այս 30 տարիներուն մենք իրականութեան մէջ մէկ խնդիր ունեցած ենք՝ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւնները իրենք հետեւողականօրէն հրաժարած են հայութեան իրաւունքներէն եւ զուգահեռաբար ապակողմնորոշած՝ հանրային միտքը։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արցախի հարցը յաճախ կը համեմատուի Քոսովոյի իրավիճակին հետ։ Կա՞ն եզրեր, որոնք կրնան Արցախի հարցով եւս օրինաչափ դառնալ։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ. – Քոսովոյի եւ Արցախի միջեւ զուգահեռներ գծելէ առաջ, հայութիւնը պարտաւոր է շատ կարեւոր փաստ մը արձանագրել։ Արցախի լինելիութիւնը հայկական պետութեան համար ունի գոյութենական նշանակութիւն եւ այն կարելի չէ իջեցնել որեւէ տարածքի վրայ հայերու ապրելու հարցին։ Միայն Արցախի պահպանմամբ հայկական պետականութիւնը կրնայ ապագայ ունենալ։ Քոսովոն Սերբիայի ապագայի համար չունի այն ռազմավարական նշանակութիւնը, ինչը ունի Արցախը՝ Հայաստանի համար։ Հայութիւնը պարտաւոր է Արցախեան հիմնախնդիրը դիտարկել ոչ թէ 120,000 մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու տեսանկիւնէն, այլ հայկական պետութեան լինելիութեան։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Միրզոյեան-Լաւրով վերջին հանդիպումին, Լաւրովը Արցախի հարցով ներկայացուց Ռուսիոյ պատկերացումները, որոնք, ըստ էութեան Ատրպէյճանի տեսակէտներուն մօտ են։ Ի՞նչ տարբերակ կ՛առաջարկէ Արեւմուտքը։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Արեւմուտքը տարբերակ չէ առաջարկած։ Այն Հայաստանի իշխանութիւններուն վերջին երկու տարիներուն ժամանակ եւ դիւանագիտական եւ քաղաքական գործիքներ տուած է, որոնք Հայաստանի իշխանութիւնը պարտաւոր էր օգտագործել հայկական շահերու պաշտպանութեան համար։ Նախ, 2020ին Ֆրանսայի օրէնսդիր պալատները, ընդունելով Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանաչող բանաձեւ, զգալիօրէն դանդաղեցուցին ռուս-թուրքական զոյգին կողմէ Արցախի հետ կապուած գործընթացները։ Վերջերս Գերմանիոյ վարչապետը յայտարարեց, որ ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար ստորադասուիլ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին։ Չմոռնանք Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը՝ Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհի բացման հետ կապուած։ Քանի մը օր առաջ ալ Ամերիկայի պետքարտուղար Պլինկենը յայտարարեց, որ իրենք կ՛աջակցին Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ ներկայացուած առաջարկներուն։ Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ արեւմտեան շրջանակները սլաքները ուղղած են դէպի Հայաստանի իշխանութիւնները․ գնդակը անոնց դաշտին մէջ է։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Կը կարծէ՞ք որ Հայաստանի նկատմամբ ռուսական քաղաքականութիւնը փոփոխութիւն կրած է վերջին 30 տարիներուն։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Հայաստանի նկատմամբ Ռուսիոյ քաղաքականութիւնը սկզբունքօրէն միշտ նոյնը եղած է՝ առաջնորդ-գաղութ յարաբերութիւններուն բնորոշ մօտեցումներով։ Ռուսիա Հայաստանին վերաբերած եւ կը շարունակէ վերաբերիլ որպէս կայսրութեան ծայրագաւառ, սեփական շահերու եւ քայլերու իրաւունքէ զուրկ, անհրաժեշտ պահին ռուսական այս կամ այն շահի համար օգտագործուող մանրադրամ։ 1994ի Մայիսին սառեցնելով հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը՝ Ռուսիա հնարաւորութիւն ստացաւ անմիջական մասնակից ըլլալ Հարաւային Կովկասի մէջ ընթացող զարգացումներուն։ Իսկ 1999ի Հոկտեմբեր 27էն ետք Ռուսիա ամբողջութեամբ իր ձեռքը վերցուց այդ գործընթացներու վերահսկողութիւնը։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Թուրքիա-Հայաստան բանակցութիւնները կրնա՞ն ըլլալ բարի դրացիական, անկախ այն իրողութենէն թէ Հայաստան ուղղակիօրէն չի բարձրաձայներ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Թուրքիա-Հայաստան բանակցութիւնները չեն կրնար յանգեցնել որեւէ արդիւնքի, որովհետեւ Թուրքիոյ նպատակն է պարտադրել, որ հայութիւնը վերջնականապէս հրաժարի իր պատմաքաղաքական իրաւունքներէն։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ներկայիս Արեւմուտքը հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Կովկասի նկատմամբ եւ անոր պատգամներ կը փոխանցէ։ Կարելի՞ է հասկնալ, որ ինչպէս 1918ին, այսօր եւս Արեւմուտքը կը փափաքի վերադառնալ այս տարածաշրջան եւ այդ վերադարձը որքանո՞վ կը բխի Հայաստանի պետութեան շահերէն։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Նախ պիտի հասկանալ, թէ ինչ ըսել է Արեւմուտք։ Որքան որ մենք ցանկանանք միասնական տեսնել Արեւմուտքը, այդ այդպէս չէ։ Արեւմտեան տարբեր շրջանակներ ունին ներհակ շահեր Հարաւային Կովկասի մէջ, հետեւաբար նաեւ Հայաստանի հանդէպ իրենց հաշուարկները կը տարբերին։ Հայկական շահերի տեսանկիւնէն, Արեւմուտքի մէջ կան ուժեր, որոնք համաձայն չեն 2020ի Արցախեան երկրորդ պատերազմի հետեւանքով տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան խախտումին եւ հետեւաբար կը փորձեն թոյլ չտալ հայկական գործօնի ամբողջական չէզոքացումը։ Կան շրջանակներ, որոնք խնդիր չեն տեսներ հայկական գործօնի ոչնչացման մէջ, աւելին՝ կ՛աջակցին այդ նախագիծին (անուններ չտանք)։ Թէ որքանով այս կամ այն ուժային կեդրոնի ծրագիրները կը նպաստեն կամ կը վնասեն հայկական պետականութեան, կախուած է բացառապէս հայութեան հաւաքական կամքէն՝ հաշուի առնելով որ իշխող քաղաքական խմբակը շատ իւրայատուկ պատկերացում ունի Հայաստանի ապագայի նկատմամբ, որ լիովին կը համընկնի մեր թշնամիներուն ծրագիրներուն հետ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- 2022ի սեպտեմբերեան պատերազմէն եւ մանաւանդ Բերձորի միջանցքի փակումէն ետք, արեւմտեան տարբեր կառոյցներ եւ քաղաքական դէմքեր անդադար կը խօսին անցքի բացման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին։ Ինչո՞վ կը բացատրուի այս հետաքրքրութիւնը եւ Արեւմուտքի համար «Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներ» հասկացութիւնը ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Իրաւունքներ եզրոյթ ընդհանուր կիրառումը լղոզուած ձեւակերպում է եւ թոյլ կու տայ իւրաքանչիւր կողմին՝ մեկնաբանել իր շահի տեսանկիւնէն։ Այս ձեւակերպումը շատ կը յիշեցնէ Պերլինի վեհաժողովին հայկական բարենորոգումների խնդիրի միջազգային «քննարկումները»։ 2020ի պատերազմի աւարտէն ետք, ռուս-թուրքական լծակից զոյգ եւ անոր տեղական սպասարկուները ամէն ինչ կատարած են Արցախեան հակամարտութեան քաղաքական բնոյթը մարդասիրական կամ համայնքային մակարդակի իջեցնելու համար։ Պատահական չէ, որ Հայաստանի վարչապետը իր հանրային ելոյթներուն ընթացքին կը խուսափի Արցախի Հանրապետութիւն կամ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն քաղաքական եզրերու գործածութենէն։ Այդ պարունակին մէջ, Գերմանիոյ վարչապետի՝ ինքնորոշման իրաւունքին անդրադառնալը աւելի շատ հարցեր կը յառաջացնէ, քան պատասխաններ կու տայ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Վերջին օրերուն արդէն սկսած է բարձրաձայնուիլ թէ՛ Բերձորի միջանցքի երկայնքով եւ թէ Արցախի մէջ միջազգային խաղաղապահներու տեղակայումը։ Որքանո՞վ իրատեսական է այս պահանջը այնքան ժամանակ որ այնտեղ կան ռուս խաղաղապահներ եւ թէ՛ ռուսերը եւ թէ ատրպէյճանցիները համաձայն չեն այդօրինակ խաղաղապահներուն։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Իրատեսական չէ, որովհետեւ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները դէմ չեն ռուսական ռազմական ներկայութեան։ Աւելին, ոչ միայն դէմ չեն, այլ կը հանդիսանան այդ ներկայութեան շահառուները, որովհետեւ ռուսերու ներկայութիւնը զիրենք «կ՛ազատէ» բոլոր տեսակի պատասխանատուութիւններէ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Բերձորի միջանցքին բացումը կը կարծէ՞ք որ արդէն ուղղակիօրէն կապուած է Արցախի հարցի լուծման հետ եւ այստեղ դիւանագիտական պայքար կայ մէկ կողմէ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի եւ միւս կողմէ Հայաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Բերձորի միջանցքի փակումը որեւէ կապ չունի Արցախի կարգավիճակի հետ. ատիկա արտաքին շղարշ է։ Ատրպէյճան ինքն իրեն որոշած է, որ Արցախի կարգավիճակի խնդիր չկայ։ Արցախի շրջափակման խորքային նպատակը, Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած՝ Պաշտպանութեան բանակը լուծարելու պահանջն է։ Պաշտպանութեան բանակի՝ որպէս ռազմական միաւորի լուծարումը, լիովին կ՛արձակէ Քարվաճառում տեղակայուած ատրպէյճանական զօրախումբի ձեռքերը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմաններուն ուղղութեամբ լայնածաւալ ռազմական գործողութեան հնարաւորութիւնները շեշտակի բարձրացնելով։ Ճիշդ այս պատճառով Ալիեւ անդրդուելի է եւ ուշադրութիւն չի դարձներ միջազգային խաղացողներու կոչերուն եւ յորդորներուն։ Ալիեւ շատ լաւ կը գիտակցի, որ Պաշտպանութեան բանակի լուծարումը այն անդառնալիութեան կէտն է, որ միանգամընդմիշտ խաչ կը քաշէ թէ՛ հայկական Արցախի, թէ՛ առհասարակ հայկական պետականութեան ապագային վրայ։ Ռուս-թուրքական լծակից զոյգը այսօր Արցախը դատարկելու խնդիր չէ դրած։ Արցախահայութիւնը որպէս պատանդ, դեռ հարկաւոր է անոնց՝ Հայաստանէն շարունակական զիջումներ կորզելու համար։ Այդ իրավիճակը «հմտօրէն» կ՛օգտագործեն անոնց՝ ներհայաստանեան սպասարկուները՝ հայութեան իրաւունքներէն իրենց հրաժարիլը արդարացնելու համար։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ներկայ փուլին, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Սփիւռքի դերակատարութիւնը եւ ի՞նչ ակնկալիքներ կան Սփիւռքէն։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Սփիւռքի դերը հնարաւոր չէ թերագնահատել, որովհետեւ հայկական պետականութեան առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ է համաշխարհային հայութեան ներուժը։ Միւս կողմէ, առանց կենսունակ Հայաստանի, Սփիւռքը դատապարտուած է ուծացման։ Անշուշտ, ուծացումը կախուած է բնակութեան վայրէն եւ համայնքի կազմակերպուածութեան մակարդակէն (առաւել ցցուն օրինակ է Ռուսիոյ հայութիւնը, որ ի վիճակի չեղաւ գոնէ քանի մը հայկական դպրոց հիմնել)։ Փաստ է նաեւ, որ հայաստանաբնակ եւ հայրենիքէն դուրս բնակող մեր ազգակիցները ինքնաճանաչման եւ իրար ճանչնալու լուրջ խնդիրներ ունին։ Սակայն ես կը կարծեմ, որ հայրենիքէն դուրս բնակող մեր ազգակիցները թէ՛ որպէս անհատ, թէ՛ որպէս հաւաքականութիւն պիտի վերաքննեն եւ պարզեն իրենց վերաբերմունքը հայկական պետականութեան հանդէպ։ Արդեօ՞ք Հայաստանի ճակատագիրը միայն Հայաստանի մէջ բնակող հայերու խնդիրն է, թէ՞ հայկական պետականութիւնը հայութեան համախմբող առանցքն է, որու վերականգման եւ կայացման համար իւրաքանչիւր հայ, անկախ բնակութեան վայրէն, պատասխանատուութիւն ունի եւ որու հետ կը կապէ իր ապագան։ Եթէ այդպէս է, ապա Սփիւռքը պէտք է դադրի Հայաստանը դիտարկել որպէս այս կամ այն բարեգործական քայլերը կատարելու տիրոյթ։ Հարկաւոր է, որ Սփիւռքի մէջ ստեղծուի համակարգող մարմին մը, որ կը զբաղի Հայաստանի ներկային եւ ապագային միտուած համակարգային ռազմավարական հայեցակարգի մշակումով եւ ներդրումով։ Ընդ որում, այդ ծրագիրներու իրագործումը պէտք է ըլլայ Սփիւռքի անմիջական վերահսկողութեան եւ պատասխանատուութեան տակ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ խօսք կամ պատգամ կը յղէք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն։
ԱՐՓԻ ԹՈՓՉԵԱՆ.- Պետութիւնը իւրաքանչիւր ազգի կազմակերպման բարձրագոյն աստիճանն է, որուն ունակութիւնը այս երկրագունդի վրայ շատ քիչեր հանրութիւն ունեցած են։ Մենք այն սերունդն ենք, որ այսօր պատմական քննութիւն կու տանք, թէ արդեօ՞ք հայը ի վիճակի է ունենալ պետութիւն։ Կամ մենք, վերլուծելով մեր ձախողման պատճառները եւ համապատասխան եզրայանգումներ կատարելով, յանձն կ՛առնենք հայոց ազգային պետութեան կառուցման բարդ եւ տքնաջան պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը, կամ կը հաստատենք, որ Մայքըլ Արլէն աւագը իրաւունք ունէր…