Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Երեւան եւ Պաքու կարելիութիւն ունին հասնելու խաղաղութեան: Ան այս մասին խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի՝ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին՝ շեշտելով, որ անիկա կը բխի թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Ատրպէյճանի ժողովուրդի շահերէն:
Հաստատելով, որ անձամբ աշխոյժ կերպով ներգրաւուած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, Պլինքըն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կողմերուն ոչ թէ կը պարտադրէ, այլ կ՛օգնէ «հասնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի ձեռքբերման, որ պիտի կարգաւորէ երկկողմ յարաբերութիւնները», ինչպէս նաեւ ակնյայտօրէն կ՛անդրադառնայ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային հայերու իրաւունքներուն եւ պաշտպանութեան» եւ «սահմանի սահմանազատման»:
«Ես կը կարծեմ, թէ կայ կարելիութիւն, չեմ ուզեր չափազանցնել, բայց կա՛յ կարելիութիւն, որ թոյլ կու տայ իսկապէս աւարտին հասցնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութիւնը», դիտել տուաւ Պլինքըն:
Ըստ անոր Ուաշինկթըն այս գործընթացին մէջ ներգրաւուած է հայկական կողմին խնդրանքով։ «Մենք ասիկա չենք պարտադրեր Հայաստանին: Մենք կ՛արձագանգենք Հայաստանի յայտնած մեծ փափաքին, որ կ՛ուզէ տեսնել, թէ արդեօք մենք կրնա՞նք օգնել հասնելու համաձայնութեան, որ յամենայն դէպս, մեծ հաշիւով վերջ պիտի դնէ առաւել քան 30 տարիէ ի վեր շարունակուող հակամարտութեան»:
Հայայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ լաւատեսութեան զուգահեռ, Պլինքըն անդրադարձաւ նաեւ ատրպէյճանցիներուն կողմէ աւելի քանի երեք ամիս շարունակ շրջափակուած Լաչինի միջանցքին: Ան հաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը զրկուած է ազատ տեղաշարժի իրաւունքէն՝ հաստատելով, որ անձամբ կը զբաղի հարցի լուծումով:
«Ես ճնշում կը բանեցնեմ Ատրպէյճանի վրայ, նաեւ՝ այս շաբաթ, որպէսզի վերաբացուի այս միջանցքը, մենք կ՛աշխատինք այդ ուղղութեամբ», ընդգծեց ան:
Բլինքըն Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, Ուաշինկթընի միջնորդական ջանքերուն մասին խօսեցաւ՝ պատասխանելով ամերիկացի ազդեցիկ օրէնսդիր Պապ Մենենտեզի այն հարցումին, թէ ինչո՛ւ ամերիկեան կառավարութիւնը ֆինանսական աջակցութիւն կը տրամադրէ երկրի մը, որ կը յարձակի իր դրացիներուն վրայ եւ կը բանտարկէ իր իսկ քաղաքացիները:
«Վերջին տարուան ընթացքին մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճան կը գրաւէ Հայաստանի տարածքները, ուտելիքի, ապահովութեան ճգնաժամ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարունակուող շրջափակման պատճառով, վերջին 5 տարիներուն ընթացքին մենք տեսանք, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճան կը հրահրէ պատերազմ, որուն պատճառով 6500 անձեր զոհուեցան, Ղարաբաղէն գրեթէ 100 հազար հայեր տեղահան եղան իրենց տուներէն», ըսաւ Մենենտեզ:
Ըստ վերջինիս՝ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 700 հազար տոլար խնդրեց ատրպէյճանցի զինուորականներուն միջազգային զինուորական կրթութեան եւ վերապատրաստման համար: Ան իր վրդովումը չծածկեց եւ ըսաւ, որ մտահոգ է Ալիեւի վարչակարգին օգնութիւն տրամադրելով:
Ըստ Պլինքընի՝ Ատրպէյճանի ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրելու քանի մը պատճառ ունի. «Անոնցմէ մէկը անոնց ուժերուն, մեր ուժերուն եւ ՆԱԹՕի միջեւ փոխգործակցութեան ամրապնդումն է: Անոնք խաղաղապահ գործունէութիւն կը ծաւալեն: Անոնք Իրանի հետ ունին երկար սահման, որ պաշտպանութեան կարիք ունի: Բայց նաեւ, մեր կարծիքով՝ իսկապէս օգտակար է ընդլայնել անոնց որոշ սպաներու արեւմտեան կրթութիւնը, հաւանաբար՝ կողմնորոշումը»: