Ստեփանակերտի մէջ դէմ չեն Արցախի մէջ միջազգային խաղաղապահներու տեղակայման հնարաւոր տարբերակին, սակայն կը հասկնան, որ այդ դիւրին որոշումներով լուծուող հարց չէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը՝ նշելով, որ այս հաստատումը կատարեց Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեան Ստեփանակերտ-Երեւան տեսակամուրջի մը ընթացքին: Ան աւելցուց, որ այսպիսի պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերելու համար պէտք է հսկայական աշխատանք տանիլ, որպէսզի համապատասխան գործիքակազմ ստեղծուի: «Ամէն դէպքում մի բան ակնյայտ է՝ Արցախում այդ անվտանգային բաղադրիչը շատ կարեւորագոյն նշանակութիւն ունի, եւ առանց խաղաղապահ ուժերի ներկայութեան գրեթէ անհնար է: Ինչքան կատարելագործուած լինի այդ մեխանիզմը (գործիքակազմ), այնքան լաւ», ըսաւ ան:
Ղազարեան յայտնեց, որ այդ հարցերու ծիրը կախեալ պիտի ըլլայ անկէ, թէ որքանով մշակուած գործիքակազմ պիտի ըլլայ: Օրինակ, եթէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի թիւը 10 անգամ աւելի ըլլար կամ անոնք թեքնիք առումով աւելի մեծ կարողութիւն ունենային, հաւանաբար, անիկա այլ կարելիութիւն պիտի տար:
«Նաեւ տեղեակ էք, որ Մինսկի խմբի բանակցային գործընթացի շրջանակներում միջազգային խաղաղապահների տեղակայման հարցը միշտ քննարկուել է, եւ չենք բացառում նաեւ նման ձեւաչափը՝ մի գուցէ ներգրաւելով այլ երկրների, միջազգային կառոյցների, բայց դա այն հարցը չէ, որ հեշտ որոշումներով կարող է լուծուել», ըսաւ Ղազարեան:
Ան նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Ատրպէյճան ապօրինաբար կը բնակեցնէ հայկական բնակավայրերը, որոնք 44օրեայ պատերազմին պատճառով բռնագրաւուեցաւ՝ շեշտելով, որ այդ մէկը անթոյլատրելի է: