
Մեր շատ սիրելի Քոյր Ակիւլինէն, եօթանասուն երկար տարիներ, ամբողջական նուիրումով ծառայելէ ետք իր երկնային փեսային եւ ազգի զաւակներուն՝ իր մահկանացուն կնքեց 19 Մարտին: Դժուար է սփոփանքի խօսքեր գտնել կորուստին համար այս անզուգական քրոջ, որ իր իմաստութեամբ եւ խոհեմութեամբ, բոլորին հետ հաղորդակցուելու կարողութեամբ ու անկեղծութեամբ՝ կը վայլէր Հայ Քոյրերու վարժարանի աշակերտութեան սէրը եւ յարգանքը:
Մեր շրջապատին մէջ շատ են անձնուէր անձերը, որոնց աշխատանքը եւ գործունէութիւնը սահման չեն ճանչնար: Անոնք մեր օրերու ազնիւ հերոսներն են: Այսպիսին էր մեր հանգուցեալը՝ դուստրը կիլիկեցի Յովսէփ Թերզեան եւ Էլիզ Փչաքչեան ամոլին. ան իր նախակրթութիւնը ստացած էր Հալէպի Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ:
13 տարեկան մատաղ հասակին, ան կ՛որոշէ իր կեանքը նուիրել Աստուծոյ եւ կը մեկնի Հայ Քոյրերու Հռոմի ընծայարանը: Ան իր մեկնումի մասին կ՛արտայայտուի այսպէս. «Ուզեցի մայրապետ դառնալ եւ մանուկներու դաստիարակութեան նուիրուիլ: Մեկնեցայ Հռոմ: Իմ տունս հոն էր այլեւս, բնաւ չմտածեցի տունդարձի մասին… որոշումս հաստատ էր»:
Հոգեւոր եւ մտային լուրջ պատրաստութենէ ետք, քոյր Ակիւլինէն կը նուիրուի ազգի զաւակներու դաստիարակութեան եւ եօթանասուն տարիներ շարունակ կը լուսաւորէ բազմաթիւ հայորդիներու միտքը եւ հոգին: Ան, անշահախնդիր եւ հաւատարիմ իր սկզբունքներուն՝ իրեն շնորհուած բարիքները կը բաշխէ նաեւ իր շրջապատին, իր անցած ուղին լաւագոյն օրինակ դարձնելով երիտասարդ սերունդներու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան:
Քոյր Ակիւլինէն եղած է Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան նուիրեալ անդամ եւ Հայ Քոյրերու վարժարանի անկեղծ եւ անզուգական մասնիկը, 30 տարիներ ծառայելով մեծ սիրով եւ գուրգուրանքով: Մենք սիրով կը յիշենք անոր ժպիտը, երբ ան ամէն առաւօտ աղօթքով կը միանար դպրոցի աշակերտներուն:
Ամենակալը յաւիտենական հանգիստ թող պարգեւէ անոր հոգիին եւ Ս. Հոգին մխիթարէ մեր բոլորը, յատկապէս Թերզեան ընտանիքի անդամները։
Խունկ ու աղօթք անոր անթառամ յիշատակին:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆ