Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 22 Մարտին, իսրայէլեան օդուժը Միջերկրական ծովու Լաթաքիոյ արեւմուտքը գտնուող շրջանէն հրթիռային յարձակում գործեց՝ թիրախ դարձնելով Հալէպի միջազգային օդակայանը, որ իր ստացած նիւթական վնասներուն պատճառով, ժամանակաւորապէս դադրեցաւ գործելէ:
Իսրայէլեան օդուժը 7 Մարտին, նոյն տարածքէն դարձեալ յարձակում մը գործած էր Հալէպի օդակայանին վրայ, իսկ քանի մը օր առաջ՝ Թարթուսի եւ Համայի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող կարգ մը դիրքերու վրայ: