22 Մարտին, ոստիկանութեան Մարտունիի շրջանային բաժինը ստացաւ հաղորդում մը, որ առաւօտեան ժամը 9:30ի շուրջ Ճարտար քաղաքի բնակիչներ` Հ. Յարութիւնեան, Ա. Ղահրամանեան, Մ. Ջիւանեան, Գ. Ղուկասեան, Կ. Դաւթեան, Ա. Ադամեան եւ Դ. Դաւթեան Ճարտար քաղաքի վարչական տարածքին մէջ գտնուող Կլազին ձոր կոչուող տեղամասին մէջ գտնուող խաղողի այգիներուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին թիրախ դարձած են Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու կրակոցներուն։
Խաղողի այգիներուն յարակից ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն անոնք ուղղութեամբ զանազան տեսակի հրաձիգներով անկանոն կրակ բացուեցաւ, այդ պատճառով ալ կանգ առին գիւղատնտեսական աշխատանքները:
Դէպքին մասին տեղեկութիւնը փոխանցուեցաւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին: