Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Յորդանանէն սկսած եւ Եգիպտոսը եւ Իսրայէլը ներառող միջինարեւելեան իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ, անակնկալ կերպով այցելեց Պաղտատ:
Օսթին «Թուիթըր»ի վրայ իր Պաղտատ հասնելուն տեսագրութեան հետ կատարեց գրառում մը` ըսելով, որ ինք Պաղտատ կը գտնուի «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրաքի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը վերահաստատելու համար»:
«Միջազգային դաշինքը Իրաքի կառավարութեան հետ աշխատեցաւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման վերջ տալու համար», Պաղտատի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ Օսթին՝ աւելցնելով. «Ամերիկեան ուժերը պատրաստ են Իրաքի մէջ մնալու` ըստ Իրաքի կառավարութեան փափաքին»։
Ան յանձնառութիւն յայտնեց չէզոքացնելու «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը՝ շեշտելով, որ «այդ մէկը Իրաքի մէջ մնալու մեր միակ նպատակն է»: