
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մինչ Արցախի պաշարումը կը շարունակուի եւ Ալիեւի վարչակարգը կը շարունակէ իր յարձակումները հայկական թիրախներու վրայ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը Հայաստանի եւ Արցախի համար 150 միլիոն տոլարի աջակցութիւն նկատի ունելու առաջարկ ներկայացուց 2024ի ամերիկեան արտաքին օժանդակութիւններու ծրարը պատրաստող մարմիններուն, կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը։ Միաժամանակ կը պահանջուի կասեցնել Ատրպէյճանի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը աւելի կանուխ սահմանած էր 2024ի ամերիկեան արտաքին օժանդակութիւններուն գծով իր առաջնահերթութիւնները՝ շեշտը դնելով Արցախի փրկութիւնը ապահովելու եւ Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու ջանքերուն վրայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կոչ կ՛ընէ, որ այս նպատակով ձեր քոնկրեսականներուն աջակցութիւնը ապահովելու համար այցելէք anca.org/aid կայքէջը։
Իր պաշտօնակիցներուն յղուած նամակին մէջ, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ատենապետ Ֆրենք Փալոն կը շեշտէ հետեւեալները․
– 100 միլիոն տոլարի ապահովական, տնտեսական, կառավարման եւ օրէնքի պարտադրութեան նպատակով աջակցութիւն Հայաստանին․
– 50 միլիոն տոլարի մարդասիրական եւ վերաշինութեան նպատակի համար աջակցութիւն Արցախին եւ յաւելեալ 2 միլիոն տոլար՝ Արցախի ականազերծման ջանքերուն համար․
– Ատրպէյճանի ռազմական աջակցութիւններու սառեցում եւ անոր դէմ պատժական միջոցներու դիմելու կարելիութիւններու քննարկում․
– Զօրակցութիւն հայ պատերազմական գերիներու ազատ արձակումը ապահուելու ջանքերուն։