
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 17 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ դոկտ. Ճերի Պըրկըր պիտի ներկայացնէ իր հեղինակած «1915ի Շուքերը» հատորը։
Վէպին պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ, 1953ին, եւ կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածներու զաւակներու եւ թուրք համալսարանականներու միջեւ յարաբերութիւններուն։
Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ համալսարանին Գործարարական բաժանմունքի «Ալիս Փիթըրզ» սրահին մէջ: Ինքնաշարժները կարելի է անվճար պահել P5 կամ P6 կանգառներուն մէջ, գաղտնաթիւ մը ստանալով Հայագիտական ծրագիրէն։
Ձեռնարկին մուտքը ազատ է։
Ներկայացումը նաեւ ուղղակի պիտի սփռուի առցանց՝ https://bit.ly/armenianstudiesyoutube կայքէջին վրայ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: