Արեւմուտքը «յաջորդ Ուքրանիոյ» դերին համար այժմ «կը դիտարկէ» Մոլտովան, իսկ անոր նախագահ Մայա Սանտուն պատրաստ է գրեթէ ամէն ինչի: Այս մասին «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին եւ «ՌԻԱ Նովոսթի»ին տուած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Պատասխանելով «Ռուսիոյ շուրջ գտնուող երկիրներէն ո՞ր մէկը կրնայ Ուքրանիոյ ուղիով ընթանալ» հարցումին` Լաւրով ըսաւ. «Հիմա այդ դերին համար կը դիտարկեն Մոլտովան: Նախ, որովհետեւ անոնք (Արեւմուտքը) կրցան, ազատ ժողովրդավարութենէն շատ հեռու, երկրին մէջ դնել նախագահ մը, որ պարզապէս կ՛ուզէ, կը տենչայ անդամակցիլ ՆԱԹՕին, ունի Ռումանիոյ քաղաքացիութիւն, պատրաստ է միաւորուիլ Ռումանիոյ հետ եւ ընդհանրապէս պատրաստ է գրեթէ ամէն ինչի»:
Լաւրով նաեւ ըսաւ հետեւեալը. «Մոսկուա չէ դիմած ՀԱՊԿի իր գործընկերներուն Ուքրանիոյ մէջ յատուկ զինուորական գործողութեան վերաբերեալ օգնութեան խնդրանքով: Ռուսիա ունի այն բոլոր բաները, զորս իրեն պէտք են զինուորական յատուկ գործողութեան հարցերը լուծելու եւ այդ պատերազմը աւարտելու համար»: