ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ գործող ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան բանտարկուած նախկին համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին առիթով հարցազրոյց տուաւ հայ լրագրող Արիս Նալճըին:
Հարցազրոյցին ընթացքին, Տեմիրթաշ խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին:
Ան Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու համախոհական կառավարութիւնը բնութագրելով իբրեւ ազգայնամոլներու համախմբում՝ նշեց, որ այդ իսկ պատճառով հայ ժողովուրդին եւ Հայաստան պետութեան հետ «հաւասարութեան, եղբայրութեան» հիմքով որեւէ յարաբերութիւն անհաւանական է այս կառավարութեան ժամանակաշրջանին:
«Էրտողանական պետութիւնը չունի այնպիսի մտահոգութիւններ ինչպէս՝ խաղաղութիւն, արդարութիւն, հաւասարութիւն, ազատութիւն կամ դրացիներու հետ լաւ յարաբերութիւնները։ Անշուշտ, համակողմանի պաշտօնական առերեսումը անհրաժեշտ է հայ ժողովրդի ապրած ողբերգութեան հետ, անշուշտ, հայկական պետութեան հետ իսկական դրացիական յարաբերութիւն անհրաժեշտ է եւ, անշուշտ, անհրաժեշտ է վերացնել հայերու դէմ թշնամանքը, որ հասարակութեան մէջ անբարոյական վարք է, սակայն այժմ այս բոլորին յամար հող չկայ», ըսաւ ան:
Ան յարաբերութիւնները բարելաւելու՝ Երեւանի եւ Անգարայի կոչերը կը նկատէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի պարտադրանքի եւ հրատապ քաղաքական կարիքներու արդիւնք, որոնց պէտք չէ լրջութեամբ մօտենալ։