ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր».- «Ակօս» թերթի նախկին շէնքին դիմաց սպաննուած թերթին հիմնադիր խմբագիր Հրանդ Տինքի յիշատակին կազմակերպուած արարողութիւններուն առիթով, Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու իր «Ինսթակրամ»ի էջին վրայ Տինքին նուիրուած գրառում մը կատարած է՝ ըսլով. «Ուշագրաւ է, որ նախագահ Էրտողան եւ այլ կուսակցութիւններ եւ անոնց ղեկավարները այս հարցով հաղորդագրութիւններ եւ ուղերձներ չեն յղած»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.