
Հայանպաստ Ցոյց Մը
Դեկտեմբեր 19ին, Լոզանի Սէն Ֆրանսուա տաճարին մէջ, փրոֆ. Շավանի նախագահութեան տակ եւ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ տեղի է ունեցած հայասիրական ցոյց մը։
Այն վայրկեանին, ըսած է փրոֆ. Շավան, երբ կը վճռուի Հայաստանի բախտը, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ իր անկախութեան համար պայքարող այդ ժողովուրդի հանդէպ։ Մենք յոյս ունինք որ Լոզանի մէջ ստորագրուելիք խաղաղութիւնը պէտք է տայ խողխողուած ժողովուրդներուն արդարութիւն եւ ազատութիւն։
Փրոֆ. Շավանէն ետք, տը Մորզիէն ըսած է, որ պատերազմի մէջ բոլոր ժողովուրդներու նպատակը եղած է ազատութիւն ձեռք բերել եւ միայն Հայաստանը չէ ստացած իր անկախութիւնը։ Հայ ժողովուրդը իրաւունք ունի հատուցում ստանալու եւ իր պահանջած հատուցումը ազատութիւնն է։
Այնուհետեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ Ա. Ահարոնեան յուզիչ ճառով մը վեր հանած է հայ ժողովուրդի կրած տանջանքներն ու Դաշնակիցներուն մատուցած ծառայութիւնները եւ յոյս յայտնած է, որ հայերուն տրուած խոստումները կ՛իրագործուին։
Փրոֆ. Շավան վերջին խօսքին մէջ վստահեցուցած է, որ Լոզանի քոնֆերանսին (խորհրդաժողով) մասնակցողները կու տան մեծահոգի եւ արդար որոշումներ։
Յունուար 23, 1923, թիւ 925