– Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամերիկեան ռազմական խարիսխներուն մէջ տեղադրուած բախտախաղի գործիքներէն տարեկան 100 միլիոն տոլար եկամուտ կ՛ապահովէ։
– Հակառակ այն իրողութեան, որ հանրապետականներուն մօտաւորապէս 60 տոկոսը կ՛ընդունի, որ հակասահմանադրական պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգները քրիստոնէական երկիր հռչակելը՝ անոնց գրեթէ նոյն համեմատութիւնը համաձայն է նման հռչակումի մը։
– Կ՛ակնկալուի, որ 2050ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ քրիստոնեաները պիտի դադրին մեծամասնութիւն ըլլալէ։
– Մինչեւ 2050, աշխարհի բնակչութեան առնուազն 50 տոկոսը կարճատես պիտի ըլլայ։