
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, 25 Մարտին, կ.ա. ժամը 11ին տեղի ունենալիք ձեռնարկի մը ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքը պիտի մեծարէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրինակելի դասաւանդման նպաստող հանրային վարժարաններու ուսուցիչներ։
Կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան կը յայտնէ, թէ շրջանը ունի բազմաթիւ հոյակապ ուսուցիչներ, որոնք իրենց աշակերտներուն իւրայատուկ եւ հետաքրքրական կերպերով կը դասաւանդեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ շեշտեց զանոնք մեծարելու կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով, որ մինչ Հայոց Ցեղասպանութեան դասանիւթը մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններու դասաւանդումներու ծրագիրին, զայն դասաւանդելու վերջնական որոշումը կախեալ է ուսուցիչէն:
Անոնք, որոնք կը փափաքին ուսուցիչներու անուններ առաջադրել՝ իբրեւ մրցանակներու թեկնածուներ կրնան դիմումնագիրները ամբողջացնել կայքին վրայ մինչեւ 3 Փետրուար։
Ձեռնարկին տոմսերը ապահովելու համար այցելել կայքէջը, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ կայքէջը։